ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԻԲՐԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԵԶՈՒ

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի աշխատանքներու ծիրէն ներս յոյժ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայկական վարժարաններն ու անոնց դերը հայ երեխաներու կեանքէն ներս։ 2025-26 տարեշրջանին անոր կազմակերպած ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագրի գլխաւոր թեման պիտի ըլլայ ինչպէ՞ս դասաւանդել հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու։ Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Հոկտեմբերին, աւելի քան 30 ուսուցիչներու մասնակցութեամբ։ Դասախօսն էր տիկ. Ժագլին Մարաշլեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի անգլերէնի դասաւանդութեամբ իբրեւ երկրորդ լեզու ամերիկեան հանրային դպրոցներէ ներս եւ հաղորդեց շատ օգտակար գիտելիքներ եւ մեթոտներ, մեկնելով իր երկարամեայ փորձառութենէն։ Յաջորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Դեկտեմբերին։