ՊԵՏՐՈՍ ՔԱԼԱՆԹԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 20 Հոկտեմբեր, 1735)

Պետրոս Քալանթարեան առաջին հայ բժիշկն է, որ մասնագիտական կրթութիւն ստացած է Ռուսաստանի մէջ։
Ծնած է 20 Հոկտեմբեր, 1735-ին, Նոր Ջուղայի մէջ։ 1748-ին դպիր ձեռնադրուած է եւ երեք տարի ետք իր ծննդավայրէն մեկնած, հաստատուելով Աստրախան (Ռուսաստան)։ 1760-ին տեղափոխուած է Մոսկուա եւ այնուհետեւ Ս. Փեթերսպուրկ։ Առաջին հայ բժիշկը եղած է, որ ուսումը շարունակած է Մոսկուայի հիւանդանոցային դպրոցին մէջ (որ Ռազմա-բժշկական Ակադեմիա անունը ստացած է 1798-ին), շրջանաւարտ ըլլալով 1764-ին։
Ինը տարի իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայելէ ետք, 1773-ին հաստատուած է Մոսկուա, ուր զբաղած է իր մասնագիտութեամբ։ 1766-ին ամուսնացած եւ բազմաթիւ զաւակներ ու թոռներ ունեցած էր։ Սակայն, 1804-ին, երբ իր ինքնակենսագրութիւնը գրած է ընտանեկան Նարեկին մէջ, կինը՝ Շուշան, ու բոլոր շառաւիղները մահացած էին, բացառելով մէկ դուստրը՝ Մարիամ անունով։
Այդ թուականէն ետք, շատ քիչ բան յայտնի է Քալանթարեանի մասին։ Ըստ երեւոյթին, ռուսական բանակին մէջ ծառայած է Նափոլէոնի պատերազմներուն ընթացքին եւ դեռ ողջ էր 1824-ին։ Մահուան ճիշդ թուականը յայտնի չէ։
Քալանթարեան հեղինակած է արդի ժամանակներու առաջին բժշկական գիրքերէն մէկը՝ «Բժշկարան», որ գրուած է 1789-ին եւ հրատարակուած՝ 1793-ին։ Նկարագրած է զանազան հիւանդութիւններ, անոնց ախտաբանութիւնն ու բուժումը, եւ կազմած է բժշկական բառերու լատիներէն-հայերէն բառարան մը։ Յատուկ ուշադրութիւն ընծայած է Հայկական Լեռնաշխարհի դեղաբոյսերուն։