Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամիսներ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային կերպով դատապարտած էր հոգեւորականներու ձերբակալութիւնը եւ նոյնիսկ միջնորդներու ճամբով առաջարկած էր դադրեցնել այս ոչ֊ընդունելի երեւոյթը։ Նորին Սրբութիւնը, այժմ հովուապետական այցելութեան մէջ ըլլալով եւ մօտէն իմանալով շարունակուող ձերբակալութիւնները, վերստին դատապարտած է այս անընդունելի երեւոյթը։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը պարտականութիւն տուած է այժմ մշակութային առաքելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին, որ իր մտահոգութիւնն ու դատապարտումը փոխանցէ քաղաքական ու պետական պատասխանատուներուն եւ նոյնիսկ վարչապետին։ Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումը այն է, թէ պետութիւն-եկեղեցի ներկայ վատառողջ վիճակը պէտք է վերջ գտնէ կարելի փութով։ Մեր ազգին ու Հայրենիքին գերագոյն շահերը կը պահանջեն, որ անոնց երկու կարեւոր սիւներուն՝ պետութեան ու եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը ըլլայ սերտ ու ամուր։