ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 75-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի (National Council of Churches) 75-ամեակը յատուկ համաժողով մը կազմակերպած էր Պոսթոնի մէջ, 13-16 Հոկտեմբերին։ Ամբողջ երկրէն մասնակիցներ մէկտեղուեցան ժողովներու, պաշտամունքի, տօնակատարութեան ու խորհրդածութեան տարբեր ձեռնարկներու համար, որոնք անրադարձան միջ-եկեղեցական յարաբերութեան այն ճանապարհին, որ կտրուած է մինչեւ հիմա։ Ոգեկոչուեցաւ նաեւ Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը։
Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ Թահանեան՝ Ազգային Առաջնորդարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ։ Հայ Եկեղեցին լայնօրէն ներգրաւուած է ու քաջալերած միջ-եկեղեցական շարժումը, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կ՚ըսէ, «միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները եկեղեցւոյ կեանքի ընտրութիւն մը չեն, այլ պարտաւորութիւն մը»։
Հաւաքոյթին մասնակիցները ամէն օր տարբեր համայնքային կեդրոնի մը մէջ համախմբուեցան. Ս. Խաչ յունաց դպրեվանքի «Մալիոթիս» կեդրոնը, Ս. Պօղոս Մայր Տաճարը, ափրիկեան-ամերիկեան պատմութեան թանգարանը եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց Եկեղեցին։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատուոյ հիւր եղաւ Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդին, անոր նոր ատենապետին՝ յունաց արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոսի պաշտօնակալութեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ մատրան մէջ։