«ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ ՈՒԺԸ»՝ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

21 Հոկտեմբերէն մինչեւ 4 Նոյեմբեր, Ս. Սարգիս եկեղեցին (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) կազմակերպած է երեք մասերով դասախօսութիւններու շարք մը, որ նուիրուած է Նիկիոյ հանգանակի 1700ամեակին։
Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր, առաջին դասախօսն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան։ Դասախօսը ներկայացուց Նիկիոյ հանգանակի պատմական ծիրը, յատկապէս անդրադառնալով Արիոսի հերձուածին, որ պատճառը դարձած է Նիկիոյ տիեզերական ժողովի գումարման (325)։ Ժողովին ներկայ եպիսկոպոսները, ներառեալ՝ Արիստակէսը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին եւ յաջորդը, հաստատած են ուղղափառ հաւատքը, թէ Յիսուս ծնած էր Աստուծոյ հօրմէն միածին, «այսինքն յէութենէ Հօր»։
Տէր Հայրը հակադրեց հին համայնական հաւատքը արդի անհատապաշտութեան, շեշտելով, որ քրիստոնէութիւնը միշտ համատեղ ու համայնական փորձառութիւն մը եղած է։ Այնուհետեւ, լսարանի ներկայացուց Ս. Պատարագի կառոյցը, նշելով, որ հանգանակը զետեղուած է Սուրբ Գիրքի հռչակումէն ետք։ Դասախօսը նաեւ անդրադարձած է հաւատքի եւ բանականութեան յաճախակի հակադրութեան, ինչպէս եւ այլ այժմէական հարցերու, շեշտելով, որ Նիկիական հանգանակը պատմական նշխար մը չէ, այլ ապրող խոստովանութիւն մը որ ամէն Սուրբ Պատարագին կը վերանորոգուի՝ սերունդներու յաջորդականութեան միաձայնութիւնը պահպանելով։
Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) հոգեւոր հովիւ, ներկայացուց Նիկիական հանգանակի կեդրոնական մասը, որ կը հռչակէ հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի։
Այս մասը յայտարարութեան աստուածաբանական սիրտն ու հոգին կը կազմեն, քանի որ կը հաստատէ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները, ինչ որ քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնը կը պահպանէ։ Այնուհետեւ, Հայր Սուրբ ներկաները առաջնորդեց Հաւատամքի քրիստոսաբանական բացատրութեան՝ նախադասութեան առ նախադասութիւն։ Քրիստոնէական հերձուածներու ներկայացումէն ետք, որոնցմէ ամէն մէկուն հակաճառող նախադասութիւններ կան հանգանակին մէջ, Հ. Պօղոս դիտել տուաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ համար Քրիստոսի միացեալ բնոյթը կը ներկայանայ «առանց շփոթի, առանց փոփոխութեան, առանց բաժանման եւ առանց անջատման»։ Հաւատամքը ծիսական կրկնութիւն մը չէ, այլ հաւատքի անձնական խոստովանութիւն մը, զոր հաւատացեալը պէտք է ապրումի վերածէ։