Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆՑ (մահ՝ 1 Նոյեմբեր, 1960)

Յակոբ Խաչատրեանց 1920-1950-ական թուականներուն հայ գրականութեան ռուսերէնի ամենէն յայտնի թարգմանիչներէն մէկը եղած է։

Ծնած է Երեւան եւ մանկութիւնը անցուցած է Պաքուի մէջ։ Աւարտած է Պաքուի գիմնազիոնը եւ ապա Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանի բանասիրական ճիւղը։ Լատիներէն եւ պատմութիւն դասաւանդած է Նոր Նախիջեւանի հայկական դպրեվանքին մէջ։ 1920-ական թուականներուն վերադարձած է երեւան եւ աշխատած է իբրեւ ՀՀԳ-ի (Հայկական հեռագրական գործակալութիւն, այժմ՝ Արմէնփրէս) տնօրէն։ 1929 թուականին փոխադրուած է Լենինկրատ, այնուհետեւ՝ Մոսկուած։

1939 թուականին Խաչատրեանցի թարգմանութեամբ ռուսերէն լոյս տեսած է «Հայկական հեքիաթներ» ժողովածուն, կնոջ՝ Մարիետա Շահինեանի յառաջաբանով։ Նոյն տարին անդամակցած է Խորհրդային Միութեան Գրողներու Միութեան։ Ռուսերէնի թարգմանած է նաեւ Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպը, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի, Շիրվանզադէի եւ Աւետիք Իսահակեանի շարք մը գործեր։ Ուշագրաւ է անոր թարգմանած «Հայկական նովելներ» ռուսերէն երկհատորեակը (1945-1948), որ իր հերթին թարգմանուած է 14 լեզուներով, ներառեալ՝ անգլերէն։ Ռուսերէն թարգմանած է նաեւ Շիրվանզադէի «Պատուի համար» եւ Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար» թատերախաղերը։

Մահացած է 1 Նոյեմբեր, 1960-ին, Մոսկուայի մէջ։