Featured, Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ

Կիրակի, 26 Հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը նշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակը Կլենտէյլի «Ալեքս» թատեսրահին մէջ տեղի ունեցած գեղարուեստական հանդիսութեամբ։ Եկեղեցական դասը, կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հոծ բազմութիւն մը ներկայ էին ձեռնարկին։ Նոյն օրը, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Ս. Պատարագին Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ՝ «Հաւատք, հաւատարմութիւն եւ միութիւն» բնաբանով, կոչ ուղելով զանոնք դարձնելու համայնական կեանքի առաջնորդող սկզբունքը։

Նորին Սրբութիւնը Թորոնթոյէն Լոս Անճելըս ժամանեց Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետներ՝ Գրիգոր Մահսէրէճեանի եւ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, վարչութեան անդամներ՝ Կայծակ Զէյթլեանի, Հրաչ Յակոբեանի եւ Ռոստոմ Այնթապլեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Վահէ Յովակիմեանի, եւ անդամներ, քոյր կազմակերպութիւններու եւ հոգեւորականներու կողմէ, ներառեալ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արքեպիսկոպոս, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս եւ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպիսկոպոս։

Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ իր շքախումբով Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցին, ուր մեծաթիւ հաւատացեալներ հաւաքուած էին բարի գալուստ մաղթելու։

Ւր այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը զանազան առիթներով կը հանդիպի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի աւելի մօտէն հաղորդ դառնայ թեմի իրագործումներուն, ծրագիրներուն ու սպասումներուն:

Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի շրջանի համայնքը կը պատրաստուի ընդունելու Վեհափառ Հայրապետը։ Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսութիւնները պիտի սկսին սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի համերգով Գառնըկի հոլի մէջ, որուն պիտի հետեւին տարբեր ձեռնարկներ յաջորդ երեք օրերուն ընթացքին։