Featured, Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ

Կիրակի, 2 Նոյեմբերին Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) Ս. Պատարագ մատուցանելէ ետք, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մեկնեցաւ Գալիֆորնիա, մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան, որ կը նախորդէ Վեհափառ Հայրապետի Նիւ Եորք այցելութեան՝ գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսութիւններուն առիթով։

Երեշքաթթի, 28 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական ընդունելութեան արժանացաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին կողմէ, իսկ նոյն օրը, երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ դասախօսեց «Մեր մոլորակի փրկութիւնը՝ համաշխարհային թիւ մէկ առաջնահերթութիւն մը» նիւթին շուրջ, բնապահպանական տագնապը բնորոշելով իբրեւ հոգեւոր եւ բարոյական ձախողութիւն մը եւ ցոյց տալով, որ մարդկութիւնը արարչութեան հետ իր ուխտը դրժած է։ «Երկրի փրկութիւնը նոյնքան առաջնահերթ է որքան մարդուն փրկութիւնը, որովհետեւ Երկիրը մարդուն միակ բնակարանն է», յայտնեց Վեհափառ Հայրապետը։

Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ խորանի օծման ։ Լոս Անճելըս իր կեցութեան ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպեցաւ համայնքի ղեկավարութեան եւ բարերարներու հետ, այցելելով տարբեր միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, ներառեալ՝ «Արարատ» ծերանոցը, Ամերիկահայ Թանգարանը եւ Համազգայինի նոր կեդրոնը։ Ան նաեւ նախագահեց բարերար Մայք Սարեանի գնած հիւանդանոցի բացման արարողութեան։

Երեքշաբթի, 4 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը աւարտելով Լոս Անճելըսի ծրագիրը, իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ժամանեց Ֆրէզնօ։ Պատուիրակութեան անդամներն էին Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդներ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արքեպիսկոպոս, Գերշ. Տ. Թորգորմ Արքեպիսկոպոս, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպիսկոպոս, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու ու գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ֆրէզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի եւ հոգաբարձութեան կողմէ։

Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ։ Ներկայ էին շուրջ հարիւր ազգայիններ՝ բարերարներ եւ հոգաբարձութեան անդամներ։ Յաջորդաբար խօսք առին հոգեւոր հովիւը, Գրիգոր Մահսերեճեանը եւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը։ Երեկոն վարեց Դպրեվանքի նախկին աշակերտ եւ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամ Մարք Շիրին։ Անոնք անդրադարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցնող 30 տարիներու ընթացքին զանազան բնագաւառներէ ներս կատարուած իրագործումներուն, միաժամանակ շեշտեցին Կաթողիկոսութեան հետզհետէ ծաւալող համազգային առաքելութեան կարեւորութիւնը։

Իր փակման խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ անդրադարձաւ հովուապետական այցելութեան իր բնաբանին՝ «հաւատք, հաւատարմութիւն եւ համախմբում»։ Ապա, ամփոփ կերպով խօսեցաւ երկու հարցադրումներու մասին. ներկայ աշխարհին մէջ ի՞նչ կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ. ինչպէ՞ս կ՚ապրինք քրիստոնէական հաւատքը։ Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ. ինչպէ՞ս կ՚ապրինք մեր հայութիւնը։ Անգլերէն լեզուով իր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ յիշեալ հարցադրումներուն տեսական կերպով պէտք չէ մօտենալ, այլ գոյութենական, որովհետեւ թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ հայութեան պատկանելիութիւնը ինքնահասկացողութիւն է եւ կեանքի որակ եւ ուղեցոյց։