Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԻԼԻՆՈՅԻ ՄԷՋ

Անցեալ շաբաթավերջին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցի (Կլենվիւ, Իլինոյ), եկեղեցւոյ 82-ամեակի տօնակատարութեան առիթով։ Շաբաթ, 1 Նոյեմբերի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը, տեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանին հետ, այցելութիւն տուաւ Դանիէլ Վարուժան հայկական շաբաթօրեայ դպրոց, ուր հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհիին՝ տիկ. Ժագլին Փափազեանի եւ խնամակալութեան անդամներուն հետ։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը այցելեց իւրաքանչիւր դասարան, իր հայրական օրհնութիւնն ու սէրը փոխանցելու աշակերտներուն։

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ 82-րդ ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ։ Յայտագրին ընթազքին, եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Ռաֆֆի Գրիգորեան, բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, իսկ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, որ միշտ նեցուկ կը կանգնին իրենց հոգեւոր տան։  Գեղարուեստական բաժնին մասնակցեցան երաժիշտներ Ալեքսանտրիա եւ Լիլիա Եարալեաններ, թոռները՝ անցեալին Թեմիս մէջ ծառայած հանգուցեալ Տ. Գուրգէն Ա. Քհն. Եարալեանի։

Տէր Հայրը, իր կարգին անդրադառնալով եկեղեցւոյ 82-ամեակին, լուսարձակի տակ բերաւ երախտապարտ ըլլալու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն, որոնք 82 տարիներ առաջ ոչինչէն հոգեւոր տուն ու գաղութ կերտած ու կազմած էին։

Աւարտին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր հայրական խօսքը մատուցեց ներկաներուն, գնահատելով գաղութին հաւաքական աշխատանքը։ Իր խօսքին ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոնդակը ընթերցելէ ետք,  Սրբազան Հայրը լանջախաչ կրելու իրաւասութիւնը շնորհեց Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանին։

Կիրակի, 2 Նոյեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի 15 աշակերտ-աշակերտուհիներ դպիր ձեռնադրուեցան, իսկ Արէն Հարտի եւ Արմէն Գրիգորեան՝ կիսասարկաւագ։ Ւր քարոզին ընթացքին, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց կիրակնօրեայի աշակերտները իրենց ծառայութեան համար եւ շեշտեց նորահաս սերունդին դերին կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեանքէն ներս։