Featured, Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՍԿՍԻ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով ժամանեց Նիւ Եորք, ուր ընդունուեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը՝ գահակալութեան 30-ամեակի առիթով, կը սկսի Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան, սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի համերգով Գառնըկի Հոլի մէջ (Նիւ Եորք)։

Տօնախմբութեանց յայտագիրը կ՚ընդգրկէ մշակութային ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 14 Նոյեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), եւ երիտասարդ մասնագէտներու հետ հանդիպում մը՝ Շաբաթ, 15 Նոյեմբերին, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Կիրակի, 16 Նոյեմբերին, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ տեղի պիտի ունենայ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), ուր Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը պիտի տայ, իսկ այնուհետեւ հանդիսութիւնները պիտի եզրափակուին ճաշկերոյթով մը Garden City պանդոկին մէջ (Կարտըն Սիթի, Նիւ Եորք)։

* * *

Աւարտելով իր Գալիֆորնիոյ այցելութիւնը, Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբերին, Արամ Ա. Կաթողիկոս օծեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ֆրէզնօ) վերանորոգուած խորանը։ Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան մը «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, ուր աղօթեց հայ ազգի նահատակներու եւ դէմքերու, յատկապէս՝ նոյն գերեզմանատան մէջ թաղուած Սողոմոն Թեհլիրեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի եւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հոգիներուն համար։  Նոյն օրը, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրէզնոյի մասնաճիւղը, ուր ընդունուեցաւ հայագիտական բաժնի վարիչ Պարլօ Տէր Մկրտչեանի եւ պաշտօնակիցներու կողմէ, իսկ երեկոյեան՝ յատուկ ընթրիք ու զրոյց ունեցաւ 100 երիտասարդներու հետ։

Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեան հետ միասին ուղղուեցաւ դէպի Սան Ֆրանսիսքօ եւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր ներկայ բազմութեան ուղղեց իր ոգեշունչ պատգամը։ Ներկայ դպրոցական աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը թելադրեց եկեղեցին, ազգն ու Հայրենիքը սիրել եւ անոնց ոգեղէն ներկայութեամբ կազմաւորուիլ դպրոցին մէջ: Շաբաթ, 8 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, նշելով Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը, ինչպէս եւ գահակալութեան 30-ամեակը։

Կիրակի, 9 Նոյեմբերին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջին անգամն էր, որ հայրապետական Ս. Պատարագ կը մատուցուէր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։