Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՄԷՐԻԼԷՆՏԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 9 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) 61-ամեակի առիթով։ Յընթացս Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը օծեց Աստուածամօր եւ Յիսուս Մանուկի սրբապատկեր մը, զոր նուիրած էր պրն. Ռաֆֆի Պաքարեան, եւ օրհնեց դպրաց դասի նոր քօղերը, նուիրատուութեամբ՝ դպրապետուհի օրդ. Անահիտ Տէրտէրեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 61-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը Pooks Hill Marriott պանդոկին մէջ (Պեթեստա)։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց տիկ. Լուսին Յովհաննէսեան, իսկ եկեղեցւոյ դպրաց դասը գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուց ներկաներուն։

Ճաշկերոյթի պատուոյ նախագահներն էին տէր եւ տիկ. Նետ եւ Թանիա Օտապաշեան-Շարֆ։ Իրենց խօսքերուն մէջ, տիկ. Շարֆ եւ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ընդգծեցին նոր եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեդրոնի ուղղուած մնայուն հանգանակութեան կարեւորութիւնը եւ իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցին եկեղեցւոյ ղեկավարութեան նուիրումին եւ ծխականներու առատաձեռն աջակցութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր մը յանձնեց տէր եւ տիկ. Խաչիկ եւ Մարալ Աշըգեաններուն՝ եկեղեցւոյ իրենց երկարամեայ աջակցութեան համար, իսկ Տէր Հայրը յատուկ գնահատագիր մը ներկայացուց օրդ. Անի Աշըգեանին եկեղեցւոյ հանդէպ իր նուիրումին համար։

Իր փակման խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ  գործունէութիւնը եւ քաջալերեց համայնքը, որ շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ անոր աշխատանքներուն։ Ան շեշտեց հրամայական պահանջը նոր համալիրի շինութեան, ուր մեր նոր սերունդը իր հոգեւոր ու մտաւոր սնունդը պիտի ստանայ՝ կերտելու համար առաւել պայծառ ապագայ։