ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍԸ

Շաբաթ եւ Կիրակի, 8 եւ 9 Նոյեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) կազմակերպեց էր իր աւանդական տօնահանդէսը Rhodes on the Pawtuxet-ի մէջ։ Հարիւրաւոր այցելուներ աւանդական հայկական կերակուրները, երաժշտութիւնն ու պարը վայելեցին։ Ժամական վիճակահանութիւններ եւ լուռ աճուրդներ ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը վառ պահեցին։ Համազգայինի «Արցախ» պարախումբի ելոյթը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։