ՍԱՅՐԸՍ ՄԵԼԻՔԵԱՆ (ծնունդ՝ 24 Նոյեմբեր, 1920)

Սայրըս Մելիքեան Ամերիկայի սուրճի ճարտարարուեստի զարգացման մեծ ներդրումներ ունեցած է, իբրեւ սուրճ վաճառող մեքենայի եւ առաջին սրճեփ մեքենայի գիւտարար։
Բուն անունով՝ Խորէն Սայրըս Սիրաք Մելիքեան, ծնած է 24 Նոյեմբեր, 1920-ին Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Մեծ Եղեռնի վերապրողներու ընտանիքի մը մէջ։ Աւարտած է Նորթիսթ երկրորդական վարժարանը եւ այնուհետեւ, մինչ կը յաճախէր Փենսիլվանիոյ համալսարանը, զինուորագրուած է։
1944-ին, Օհայոյի մէջ ամերիկեան օդուժին ծառայութեան պահուն, Մելիքեան ուզած է գաւաթ մը սուրճ, որ սակայն ճաշերէ դուրս տրամադրելի չէր։ Ուսումնասիրած է հարցը եւ անդրադարձած, որ տաք խմիչքներ ծախող մեքենայ մը գոյութիւն չունէր։
Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Մելիքեան, որ ճարտագիտութիւն եւ գործարարութիւն ուսանած էր Փենսիլվանիոյ համալսարանը եւ իր զինակից ընկերը՝ Լոյտ Ռըտ (1922-1997), 25.000 տոլար ձեռք բերած են ներդնողները, եւ գումարելով իրենց սեփական 30.000 տոլարը, հիմնած են ընկերութիւն մը, որ ինը ամսուան աշխատանքէ ետք ծնունդ տուած է Ամերիկայի տաք սուրճ ծախող առաջին մեքենային Մելիքեանի նկուղին մէջ։
1947-ին, երկու գործընկերները արդէն տարեկան մէկ միլիոն տոլարի արժողութեամբ վաճառք ունէին եւ շաբաթական 40 սուրճ ծախող մեքենաներ կ՚արտադրէին։ 1965-ին, ընկերութիւնը 300 պաշտօնեայ ունէր, իսկ վաճառքը 7 միլիոնի բարձրացած էր։ 1965-ին, Մելիքեան եւ ուրիշ ճարտարագէտ մը՝ Հէրի Գլաուս, կատարելագործած էին մեքենայ մը, որ սուրճ տուփիկներ (pods) կ՚արտադրէր։ 1967-ին, Մելիքեան եւ Ռըտ ծախած են ընկերութիւնը, իսկ վերջինը հանգստեան կոչուած է Գալիֆորնիոյ մէջ։
1969-ին, Սայրըս Մելիքեան եւ իր որդիները սկսած են նոր ընկերութիւն մը Փենսիլվանիոյ մէջ, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ գործել։ Ամերիկահայ գործարարն ու գիւտարարը մահացած է 27 Նոյեմբեր, 2008-ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ։