ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Շաբաթ, 15 Նոյեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած երիտասարդական հաւաքին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց.
«Անհրաժեշտ է լայն տեղ տալ երիտասարդութեան հայ կեանքէն ներս։ Նոյն թելադրութիւնը յատուկ շեշտաւորումով կը կատարեմ, երբ մեր համայնքի պատասխանատուներուն ու երիտասարդներուն հետ հանդիպումներ կ՚ունենամ հովուապետական այցելութիւններուս ընթացքին: Նոյն թելադրութիւնը կը կատարեմ, որովհետեւ կը զգամ ու կը տեսնեմ, որ տակաւին մեր երիտասարդութեան անհրաժեշտ տեղ ու դեր չէ տրուած մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Անոր կարիքը հրամայական է, յատկապէս ներկայ աշխարհին մէջ: Մեր երիտասարդները կոչուած են իրենց ունեցած մասնագիտութեամբ եւ ներկայ աշխարհը դիտելու իւրայատկութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերելու մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներու կեանքին»։
Հաւաքին բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Լագիսեան, եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ մեթր Արմէն Մորեան։ Հանդիպումին սկիզբը գործադրուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը, որուն ընթացքին արտասանեցին Սարհատ Մելքոնեան («Խաչը», Եղիշէ Արք. Դուրեան) եւ Զուարթ Պալըգճեան («Եկեղեցին հայկական», Վահան Թէքէեան), իսկ սոփրանօ Անահիտ Զաքարեան երգեց «Սուրբ, սուրբ»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Մէյխանէճեանի։ Հաւաքը վարեց օրդ. Թամար Քանարեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի։
Նորին Սրբութիւնը լայն ժամանակ ու առիթ տուաւ, որպէսզի երիտասարդները իրենց հարցումները ուղղեն իրեն: Հարցումները ընդգրկեցին եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայու ինքնութեան, հայ դատին, Արցախին ու Հայաստանին հետ աղերս ունեցող խնդիրներ: