Featured, Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբերին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) ընդունեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, եկեղեցւոյ խորանի օծման համար։

Յաւարտ արարողութեան, Սրբազան Հայրը նախ բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ, Արապեանը, եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած իր նախանձախնդրութեան համար, եւ քաջալերական խօսքերով բոլոր ծխականներուն յորդորեց, որ հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ, միշտ աջակցելով հովիւին, ինչպէս նաեւ ծուխի բարգաւաճման։ Անոր պատգամը յիշեցում մըն էր Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ մեր հաւաքական պատասխանատուութեան։

Եկեղեցւոյ փոխադրութենէն ի վեր իր ներկայ վայրը, խորանը երբեք նորոգուած չէր եւ ժամանակի անցումը արդէն նկատառելի էր։ Վերանորոգումը թէ՛ գործնական անհրաժեշտութիւն մըն էր եւ թէ՛ հոգեւոր առիթ մը համայնքին համար։ Տէր եւ տիկ. Յովիկ եւ Սօսի Տօնապետեաններու բարեհոգութիւնը կարելի դարձուց խորանի խնամեալ վերանորոգումը, անոր գեղեցկութիւնն ու սրբութիւնը վերահաստատելով։

Արարողութենէն ետք, ծուխը ընտանեկան բնոյթի հաւաքոյթ մը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ բարերար ընտանիքին հետ։