Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐԸ ՄԱԿ-Ի ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՆ

Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի մէջ մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեանի հրաւէրով, էջմիածնական եւ կիլիկեան Արեւելեան Թեմերու առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղան Ցեղասպանութեան Օրուան ոգեկոչման նուիրուած ՄԱԿ-ի նիստին Նիւ Եորքի մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Ռոբերտ Աբիսողոմոնեանը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին պրն. Յովհաննիսեանին հրաւէրին համար։