Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԿԱՐԱՊԵՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (մահ՝ 11 Դեկտեմբեր, 1920)

Լուսանկարիչ Կարապետ Գրիգորեան կը նկատուի լուսանկարչութեան ռահվիրաներէն Պաղեստինի մէջ 19-րդ դարու վերջաւորութեան։

Կարապետ Գրիգորեան ծնած է Զմիւնիա (Իզմիր), 1847-ին։ 1859-ին, 12 տարեկանին կը տեղափոխուի Երուսաղէմ՝ ուսանելու Հին քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, ուր Եսայի Վրդ. Կարապետեան կ’աշխատէր հայոց պատրիարքարանին մէջ իբրեւ լուսանկարիչ եւ հիմնած էր սեփական լուսանկարչական արուեստանոց մը: Սակայն, Եսայի Վրդ.ի հայոց պատրիարք ընտրութենէն ետք (1864-1885), լուսանկարչական գործը շարունակած են իր երիտասարդ սաները, որոնցմէ շարքին՝ Կարապետ Գրիգորեանը։

Ան հանդիպած է «Տալիթա Կումի» որբանոցի լիբանանցի լութերական կարգի նորեկ աշակերտուհիներէն մէկուն՝ Քարիմա Թաննուսին: Որոշած են ամուսնանալ եւ այնուհետեւ Կարապետ Գրիգորեան դարձած է բողոքական եկեղեցւյ հետեւորդ։

Կարապետ Գրիգորեան 1870-ականներուն բացած է իր սեփական արուեստանոցը Երուսաղէմի մէջ, Եաֆայի ճամբուն վրայ: Անոր աշխատանքը հիմնականին դիմանկարի լուսանկարչութիւնն էր, որ կը ներառնէր տեղացի բնակիչները, զբօսաշրջիկները եւ ուխտաւորները:

Կարապետ Գրիգորեան եղած է ուսուցիչ հանրաճանաչ բազմաթիւ լուսանկարիչներու, որոնցմէ էր Խալիլ Ռաատը, որ կը համարուէր Պաղեստինի առաջին արաբ լուսանկարիչը: 1890 թուականին, Ռաատ բացած է իր արուսետանոցը Գրիգորեանի ճիշդ կողքին։ Այնուհետեւ, սկսած է կատաղի մրցակցութիւն մը առեւտրական երկու հաստատութիւններուն միջեւ, որ վերջ գտած է Գրիգորեանի զաւակին՝ Յովհաննէսի ամուսնութեամբ Ռաատի զարմուհիին հետ: Գրիգորեանի աշակերտներէն եղած է նաեւ Եաակով Պեն-Տով, որ ծանօթ է որպէս «իսրայէլեան շարժանկարի ռահվիրան»։

Գրիգորեան մահացած է 11 Դեկտեմբեր, 1920-ին եւ թաղուած՝ Երուսաղէմի Սիոն լերան վրայ՝ բողոքական եկեղեցւոյ գերեզմանատունը։ Անոր մահէն ետք, լուսանկարչական գործը կը շարունակէ որդին՝ Յովհաննէսը, մինչեւ 1948 թուականը, երբ արուեստանոցը քանդուած է արաբ-իսրայէլեան պատերազմի օրերուն։