Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱՀԷ ՎԱՀԵԱՆ (ծնունդ՝ 22 Դեկտեմբեր, 1908)

Վահէ Վահեան լիբանանահայ ծանօթ բանաստեղծ եւ ուսուցիչ եղած է։

Բուն անունով՝ Սարգիս Ապտալեան, ծնած է Կիւրին՝ Սեբաստիոյ նահանգ։ Ուսումը կիսատ մնացած է, երբ փոքր տարիքին աքսորուած է ծնողքին հետ, 1915-1918-ին ապրելով ցեղասպանութեան սարսափը։ Զինադադարէն ետք վերադարձած է Այնթապ, ուր հազիւ տարի մը հետեւած է Վարդանեան վարժարանի դասընթացքին։

1920-ին, ընտանիքի վերապրող անդամներուն հետ, անցած է Հալէպ, ուր յաճախած է հայ աւետարանականներու վարժարանը, որ այդ օրերուն փոխանցուած էր ամերիկացիներուն եւ հետագային պիտի կոչուէր Ալեփփօ գոլէճ։ 1925-1930-ին հետեւած է Պէյրութի համալսարանի գիտական ճիւղին, եւ հազիւ աւարտած՝ նպյն տարին պաշտօնի կոչուած է Պրումմանայի (Լիբանան) անգլիական գիշերօթիկ երկրորդական վարժարանին մէջ։ 1934-ին անցած է Անթիլիասի դպրեվանքը, իբրեւ ուսուցիչ հայ լեզուի եւ գրականութեան, իսկ 1935-1946-ին պաշտօնավարած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։

1946-ին հաստատուած է Պէյրութ, առաւելաբար նուիրուելով ուսուցչական եւ տեսչական աշխատանքի «Դարուհի Յակոբեան» աղջկանց վարժարնաին, ապա նաեւ ՀԲԸՄ-ի «Երուանդ Հիւսիսեան» հայագիտական հիմնարկին մէջ։

1946-1955-ին հիմնած ու խմբագրած է «Անի» գրական ամսագիրը։ 1970-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացած է, իսկ 1981-ին՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալին։

Քերթողական իր գլխաւոր էջերը ամփոփուած են երեք հատորներու մէջ. «Արեւ-անձրեւ» (1933), «Ոսկի կամուրջ» (1945) եւ «Մատեան սիրոյ եւ մորմոքի» (1968)։ Աւելի ուշ հրատարակած է «Յուշարձան Վահրամիս» (1977), «Ղօղանջ ու մրմունջ վերջալուսային» (1990), իսկ յետմահու լոյս տեսած է «Հրաժեշտի քերթուածներ» (2009)։ Գրած է «Յարալէզներու հաշտութիւնը» յուշագրութիւն (1953)։ Իր յօդուածները հաւաքած է «Բերքահաւաք» խորագրուած երեք հատորներուն մէջ (1978, 1987 եւ 1990), իսկ նամակագրութիւնը լոյս տեսած է «Բանաստեղծին սիրտը» հատորով (2012)։ Կատառած է ֆրանսերէնէ եւ անգլերէնէ թարգմանութիւններ հետեւեալ հեղինակներէն՝ Օնորէ տը Պալզաք, Ժպրան Խալիլ Ժպրան, Ռապինտրանաթ Թակոր եւ Օսքար Ուայլտ։

Մահացած է Պէյրութի մէջ, 19 Օգոստոս, 1998-ին։