
News
ՏԱԿԼԸՍԹԸՆԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), տեղի ունեցաւ Simply Christmas աւանդական համերգը, կատարողութեամբ բազմաշնորհ երգչուհի Ալվարդ Մայիլեանի եւ ընկերակցութեամբ՝ հանրածանօթ դաշնակահար եւ երգահան Ճոէլ Մարթինի։ Ճոխ երգացանկը բաղկացած էր հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ իտալերէն երգերէ։ Երգչուհիին կողքին, Ճոէլ Մարթին իր մշակած կոմիտասեան երեք երգեր նուագեց։
Աւարտին, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ հանդիսականներուն, որոնք օդի աննպաստ պայմաններուն հակառակ, եկած էին վայելելու արուեստի այս ելոյթը։ Եզրափակիչ խօսքով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին իւրայատուկ յանձնառութիւնը, ստեղծելով գեղեցիկ աւանդութիւն մը, որով 16 տարիներէ ի վեր ժողովուրդի կը մատուցուի Ս. Ծննդեան նուիրուած այս համերգը։ Ան շնորհաւորեց երգչուհին՝ Ալվարդ Մայիլեանը, որուն մեղմանոյշ ձայնը կ՚առինքնէ հայ կամ օտար ոեւէ ունկնդիր, ինչպէս նաեւ դաշնակահար Ճոէյ Մարթինը, որ թափանցելով Կոմիտասի ոգիին, զայն արդիականացուցած է ճազ երաժշտութեան ոճով։