
News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայրապետական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Տիոնիսիոս Քաուաք Արքեպիսկոպոսին, Ս. Ծննդեան եւ Նոր Տարուան բարեբաստիկ տօներուն առիթով։ Երկու առաջնորդերը իրենց թեմերը յուզող հաւատքի եւ բարոյականութեան հարցեր քննարկեցին, ինչպէս եւ գործակցութեան հեռանկարներ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց Քաուաք Սրբազանին, թէ Ազգային Առաջնորդարանը այս տարի թեմական աշխատանքներու որպէս գլխաւոր նիւթ ընտրած է Մանազկերտի ժողովի 1300-ամեակը, որ Հայ եւ Ասորական Եկեղեցիներու կարեւորագոյն ժողովներէն մին կը հանդիսանայ։ Անոնք միասնաբար որոշեցին, որ յառաջիկայ տարի յատուկ դասախօսութիւններ եւ սեմինարներ կազմակերպեն այս նիւթին շուրջ որպէս վկայութիւնը անցեալի եւ ներկայի քրիստոնէական ուղղափառ հաւատքի արտայայտութեան։