Featured, Առաջնորդարանէն

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 21 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա)։ Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ. Թինքճեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կիրակնօրեայ վարժարանը կազմակերպած էր Սուրբ Ծննդեան աւանդական հանդէսը: Աւարտին, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւը, կիրակնօրեայի տեսչուհին եւ անձնակազմը իրենց տարած գովելի աշխատանքին համար։ Ի լուր յայտագրի մէջ Ս. Պատարագի կարգ մը շարականներու երգեցեողութենէն, ան թելադրեց, որ ձեռնարկուի մանկական երգչախումբի մը կազմութեան, օրինակ բերելով Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ անցնող Սեպտեմբերին եկեղեցւոյ տօնակատարութեան ընթացքին յաջող կերպով հանդէս եկած էր։