Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

4-6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, Է. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ, ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ, ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Է. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ (Զ. ՕՐ ԾՆՆԴԵԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ)

ՃՇ.
Ես. 51.15-52.3

ՆԱՄԱԿ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 13.18-25
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 22.24-30.

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 2.1-12

ՆԱՄԱԿ ՏԻՏՈՍԻ 2.11-15
 
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1.18-25

ՆԱՄԱԿ ՏԻՏՈՍԻ 2.11-15

 

Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ մեր խիղճը մաքուր է, եւ կ՚ուզենք ամէն բանի մէջ ուղիղը գործել։ Մանաւանդ կ՚աղաչեմ որ աղօթէք ինծի համար, որպէսզի կարենամ աւելի շուտ ձեզի վերադառնալ։

Թող խաղաղութեան Աստուածը ձեզի կարողութիւն տայ՝ ամէն տեսակ բարեգործութեամբ իր կամքը կատարելու, որովհետեւ ի՛նքն էր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, ան որ իր արիւնով կնքուած յաւիտենական ուխտով Հովուապետ եղաւ ամբողջ հօտին։ Աստուած ինչ որ կամենայ՝ թող ներգործէ մեր մէջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որուն փա՜ռք յաւիտեանս։ Ամէն։

Եղբայրնե՛ր, կ՚աղաչեմ որ լսէք այս կարճ նամակով տուած յորդորներս։ Կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս բանտէն արձակուած է հիմա։ Եթէ շուտով մօտս գայ, միասին կու գանք ձեզ տեսնելու։

Ողջոյններս հաղորդեցէք ձեր բոլոր առաջնորդներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն։ Իտալիայի եղբայրները կ՚ողջունեն ձեզ։ Աստուծոյ շնորհքը բոլորիդ հետ ըլլայ։ Ամէն։

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 2:1-12

Հերովդէս թագաւորի օրերուն էր, որ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ: Եւ ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ եւ հարցուցին.

– Ո՞ւր է Հրեաներու նորածին թագաւորը. մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու իրեն:

 

Երբ Հերովդէս թագաւոր լսեց ասիկա՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները: Կանչեց ժողովուրդի բոլոր աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները եւ հարցուց անոնց, թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը:

 

Անոնք պատասխանեցին.

– Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ, որովհետեւ Միքիա մարգարէն այսպէս գրած է.-

«Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի քաղաք,

հռչակով նուազ չես Յուդայի միւս քաղաքներէն.

որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը,

որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը»:

 

Այն ատեն Հերովդէս գաղտնաբար իր մօտ կանչեց մոգերը եւ անոնցմէ ստուգեց աստղին երեւելուն ժամանակը: Ապա զանոնք Բեթլեհէմ ղրկեց, պատուիրելով.

– Գացէք եւ ստոյգ տեղեկութիւններ քաղելով գտէ՛ք երեխան, եւ երբ գտնէք՝ ինծի իմացուցէք, որպէսզի ես ալ գամ եւ երկրպագեմ իրեն:

 

Թագաւորին այս հրահանգը լսելէ ետք, մոգերը մեկնեցան: Անոնք չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այն աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին. եւ ահա աստղը առաջնորդեց զիրենք, մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ ուր երեխան կը գտնուէր: Երբ տուն մտան, տեսան երեխան իր մօրը՝ Մարիամի հետ, եւ մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեցին մանուկին: Ապա բացին իրենց արկղերը եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:

 

Յետոյ ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը, առանց Հերովդէսի հանդիպելու, ինչպէս որ Աստուած երազի մը մէջ հրահանգեց իրենց:

 

ՆԱՄԱԿ ՏԻՏՈՍԻ 2:11-15

Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին: Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք, զգաստութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ, եւ յոյսով սպասենք այն երջանիկ օրուան, երբ մեր մեծ Աստուածն ու փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս իր փառքով պիտի յայտնուի: Որովհետեւ Քրիստոս իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր:

Այս բաները սորվեցուր հաւատացեալներուդ: Քաջալերէ՛ զանոնք եւ ի հարկին յանդիմանէ՝ հեղինակութիւնդ գործածելով, այնպէս որ ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ: