
News
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբերին, Ս. Փրկիչ, Ս. Երրորդութիւն, Նահատակաց (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) եւ Ս. Աստուածածին (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) եկեղեցիներու հոգեւորականներն ու եկեղեցականները Ուստըր հաւաքուեցան միասնաբար Ս. Ծննդեան արարողութիւն կատարելու։ Տարեկան չորրորդ այս արարողութեան հիւրընկալն էր Նահատակաց եկեղեցին։
Արարողութեան մասնակցեցաւ մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Լինտա Պըլլոքի, որ աւանդական Ս. Ծննդեան երգեր մեկնաբանեց հայերէն ու անգլերէն։ Երեկոյեան ընթացքին, եկեղեցականները աստուածաշնչական ընթերցումներ եւ կարճ խորհրդածութիւններկատարեցին, ընդգծելով տօնական օրերու հոգեւոր իմաստը եւ ծուխերու միասնութիւնը։
Փակման աղօթքը կատարեց Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, որուն հետեւեցաւ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։