News
ՏՆՕՐՀՆԷՔ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով ու նախագահութեամբ, Երեքշաբթի, 6 Յունուարին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, զոր կատարեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեան՝ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ Թրոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մանուէլեան՝ Վենեզուելայի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ, ինչպէս նաեւ շրջանիս բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Ներկայ էր նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մշտական նորանշանակ ներկայացուցիչ՝ դեսպան Ահմէտ Արաֆա։
Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ վերանորոգ հաւատքով եւ յոյսով դիմաւորենք այս նոր տարին, յաղթահարելու համար Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ յարուցուած ամէն տեսակի դժոարութիւնները։

