Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀՐԱՆՏ ՆԱԶԱՐԵԱՆՑ (մահ՝ 25 Յունուար, 1962)

Հրանտ Նազարեանց՝ գեղապաշտ սերունդի կրտսեր ներկայացուցիչներէն մէկը, իր գրական գործունէութիւնը սկսած է Պոլսոյ մէջ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակը, իսկ անկէ ետք փոխադրուելով Իտալիա, իր գրականութեան գերակշիռ մասը հրատարակած է իտալերէնով։

Ծնած է Սկիւտար (Պոլիս), 8 Յունուար, 1886-ին։ Կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, բայց աւարտած չէ։ 1900-1902 թուականներուն մեկնած է արտասահման, իր կրթութիւնը ամբողջացնելու համար։ Վերադառնալով Պոլիս, սկսած է աշխատակցիլ մամուլին բանաստեղծութիւններով եւ թարգմանութիւններով։  Անոր գրիչը աւելի բեղմնաւոր եղած է Օսմանեան Սահմանադրութեան յաջորդող տարիներուն (1908-1914), երբ մամուլին իր գրական աշխատակցութիւնը աւելի յաճախակի եղած է։

1908-ին խմբագրած է «Սուրհանդակ» թերթը Տիգրան Զաւէնի հետ, իսկ 1909-ին՝ «Նոր Հոսանք» պարբերականը Գարեգին Կոզիկեանի հետ։ 1911-1912-ին, Լիպարիտ Նազարեանցի հետ, «Ազատամարտ» օրաթերթի «Բագին» գրական յաւելուածը խմագրած է։ Նազարեանց աշխատակցած է պոլսահայ բազմաթիւ թերթերու եւ պարբերաթերթերու՝ «Մասիս», «Լոյս», «Շանթ», «Ազատամարտ», «Բիւզանդիոն», «Արեւելք», եւ այլն, Իզմիրի «Արեւելեան մամուլ» եւ «Հայ գրականութիւն պարբերականներուն, եւ այլն։

1910-ին հրատարակած է Հերանոյշ Արշակեանի բանաստեղծութիւնները եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի սիրային նամակները առանձին հատորներով։ Նոյն տարին նաեւ հրատարակած է «Ֆ. Թ. Մառինէթթին եւ ապագայապաշտութիւնը» գիրքը, որ ապագայապաշտութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններէն մէկն է համաշխարհային գրականութեան պատմութեան մէջ։

1912-ին առանձին գիրքով լոյս տեսած է Նազարեանցի հայերէն միակ բանաստեղծական ժողովածուն՝ «Խաչուած երազներ», որ խորհրդապաշտ քերթուածներու հաւաքածոյ մըն է։ 1913-ին ամուսնացած է իտսալացի պարուհի Մատալենա տէ Գոսմիսի հետ ու փոխադրուած՝ Իտալիա, հաստատուելով Պարի, ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը։

Հոն գրական լայն աշխատանք տարած է, 1916-ին, հրատարակելով իտալերէն աշխատութիւններ Պետրոս Դուրեանի եւ Արշակ Չօպանեանի մասին, Դուրեանի «Թատրոն կամ Թշռուառներ« թատերախաղի իտալերէն թարգմսանութիւնը, «Հայաստան. անոր մարտիրոսութիւնն ու պահանջները» գիրքը եւ հայ տաղասացներու նուիրուած հատոր մը։ Բանաստեղծ Էնրիքօ Քարտիլէի թարգմանութեամբ, լոյս տեսած են Նազարեանցի քանի մը հատորներ՝ «Խաչուած երազներ» (1916), «Հայելին» (1920), «Վահագն» (1920) եւ «Տիեզերական ողբերգութեան մեծ երգը» (1946), իսկ Գարլօ Ճարտինիի թարգմանութեամբ՝ «Երեք բանաստեղծութիւններ» (1924)։ Շարունակած է հայերէն բանաստեղծութիւններով եւ յօդուածներով աշխատակցիլ մամուլին 1920-1930-ական թուականներուն, բայց հայերէն նոր գիրք հրատարակած չէ։

1924-ին, իր ջանքերով Պարիի մօտերը հիմնուած է Նոր Արաքս հայկական գիւղը, ուր հաստատուած են Մեծ Եղեռնէն վերապրող հայ գաղթականներ, որոնք երկար տասնամեակներու զբաղած են գորգաշինութեամբ եւ ասեղնագործութեամբ։

1953-ին առաջարկուած է Նազարեանցի թեկնածութիւնը Նոպէլեան մրցանակին, զոր այդ տարին շահած է անգլիացի պետական գործիչ Ուինսթըն Չրչիլ։

Կեանքի վերջին տարիներուն հիւանդկախ վիճակով ապրելէ ետք, 25 Յունուար 1962-ին Նազարեանց մահացած է ծայր աղքատութեան մէջ։ Թաղուած է Պարի եւ քաղաքի փողոցներէն մէկ կոչուած է իր անունով։