
News
ԻՆՉՊԷ՞Ս Է, ՈՐ ԳՄԲԷԹԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԷԱԿԱՆ ՆՇԱՆԸ ԴԱՐՁԱՒ

301 թուականին քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօն հռչակումէն քիչ ետք, հայ ճարտարապետները մշակեցին սրբազան նոր ճարտարապետութիւն մը, որ ուղղուած էր նոր հաւատքի ծիսական պահանջները գոհացնելու, քանի որ անհրաժեշտ կը դառնային աւելի ծաւալուն ներքին տարածքներ։ Ասիկա տարբեր էր հեթանոսական մեհեաններէն, որոնք ըստ էութեան աստուածներու քանդակներու պահեստներ էին։
Միջնադարեան հայ եկեղեցական ճարտարապետութեան ամենէն կարեւոր յատկանիշը կոնաձեւ գմբէթը դարձաւ։ Տակաւին անորոշ է գմբէթի ծագումը, որուն ակունքները հայ ճարտապետութեան պատմութեան երախտաւոր Թորոս Թորամանեանը գտած է պարսկական ճարտարապետութեան մէջ։ Մատենագրութեան մէջ, «խորան» եւ «գմբէթ» բառերը փոխնիփոխ օգտագործուած են։
Եզրաբանական երկուութիւնը կրնայ շփոթեցուցիչ ըլլալ, բայց իմաստը նոյնն է. եկեղեցին՝ հաւատացեալներու հանդիպման վայրը, երկնքի արքայութեան խորհրդանիշ մըն է, ինչպէս կը ներկայացնէ գմբէթը, որ արդէն հայ ճարտարապետութեան անբաժանելի մասնիկ մըն էր 6-7-րդ դարերուն։
Թորամանեան յայտնած է, թէ կոնաձեւ գմբէթը Արարատի գագաթը կը ներկայացնէ, ինչպէս առնուազն 11-րդ դարէն ի վեր կուսակրօն քահանաներու գործածած վեղարը։ Սակայն, այս վարկածը հաստատող փաստեր չկան։ Հայագէտ Ռոպըրթ Թոմսըն նշած է, թէ հայ մատենագիրնեըը արուեստի ու ճարտարապետութեան խորհրդանիշերով շատ զբաղած չեն, բացի ընդհանուր հաստատումներ կատարելէ։