News

ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

Մեծ Պահքի շրջանը սկսաւ Երկուշաբթի, 16 Փետրուարին։ Մեծ Պահքը՝ աղօթքի, պահեցողութեան եւ բարեպաշտութեան ժամանակաշրջան մը ըլլալով, խիստ անձնական հոգեկան ճամբորդութիւն մըն է, որուն հիմքը Քրիստոսի անապատին մէջ անցուցած քառասուն օրերու շրջանն է՝ Մկրտութենէն ետք։ Ինչպէս կը կարդանք Աւետարանին մէջ, «յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մտ 4.1-2)։

Հաւատացեալները յաճախ հարց կու տան, թէ ի՞նչ կարելի է ուտել Մեծ Պահքի շրջանին։ Հայ Եկեղեցին կը հետեւի այն ուղեգիծին, որ պէտք չէ ուտել միս կամ կենդանիներու արտադրանք (ներառեալ կաթ եւ հաւկիթ)։ Ընդհանրապէս, պահքի սովորութիւնները կը տարբերին մէկ եկեղեցիէն միւսը եւ փոխուած են ժամանակի ընթացքին։ Հայ Եկեղեցւոյ պահքի կանոնները շատ խիստ էին անցեալին, եւ Մեծ Պահքի անուններէն մէկը՝ Աղուհաց, բառացիօրէն կը նկարագրէ հայ հոգեւորականներու եւ վստահաբար շատ մը հաւատացեալներու հետեւած սննդականոնը, գոնէ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, երբ իրենց սնունդը միայն հաց, աղ ու ջուր էր։