News
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ
Չորեքշաբթի, 18 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ազգային Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի յայտագրի բացման։ Յայտագիրը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ։ Անոր մաս կը կազմեն հսկումի կարճ արարողութիւն մը, դասախօսութիւն մը եւ հիւրասիրութիւն։
Առաջին դասախօսն էր Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) հոգեւոր հովիւ, որ անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2026 թուականի հռչակագրին եւ անոր նիւթին՝ հոգեւոր վերանորոգման։ Դասախօսութիւնը դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։
Չորեքշաբթի, 25 Փետրուարին, Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) պատուակալ հովիւ, անդրադարձ մը պիտի կատարէ Նորին Սրբութեան հռչակագրի յանձնարարութիւններուն մասին։


