Առաջնորդարանէն

ԳՈՐԾԻՔԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 22 Փետրուարին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ համերգ մը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ։ Ելոյթ ունեցաւ Յարութ Պարսումեանի (կիթառ եւ դուդուկ), Շանթ Պարսումեանի (ջութակ) եւ Ալիսիա Քէօշկէրեանի (քանոն) եռեակը։

Համերգին ընթացքին մեկնաբանուեցան Կոմիտաս Վարդապետի, Առնօ Բաբաջանեանի, Շառլ Ազնաւուրի, Արա Տինքճեանի եւ ժողովրդական գործեր, ինչպէս եւ Յարութ Պարսումեանի սեփական յօրինումներէն մէկը եւ վերջինիս կողմէ Մակար Եկմալեանի «Ամէն Հայր Սուրբ» շարականի մշակումը։ Փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց եռեակին եւ քաջալերեց Յարութ Պարսումեանը որ շարունակէ շարականներու երաժշտական մշակման իր ծրագիրը։