Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Պելմոնթի (Մէսէչուսէթս) Համազգային Հայագիտական Միութեան (NAASR) «Մարտիկեան» գրադարանը վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն հրատարակութիւններու արժէքաւոր շարք մը ստացաւ Ազգային Առաջնորդարանի միջոցով։

11 Հոկտեմբեր, 2024-ին Ընկերակցութեան կեդրոնին այցելութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ խնդրած էր, որ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, կարգադրէր Կաթողիկոսարանի հրատարակութիւններու առաքումը «Մարտիկեան» գրադարանին, ուր ի մասնաւորի կը պակսէին «Մատենագիրք հայոց» եւ «Յուշամատեան»ներու մատենաշարներու բազմաթիւ հաոորներ։ Նուիրատուութեան մաս կազմած են Վեհափառ Հայրապետի հեղինակած գործերը, ինչպէս նաեւ այլեւայլ հեղինակներու հայագիտական արժէքով երկեր զանազան նիւթերու շուրջ։

Համազգային Հայագիտական Միութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, Գերպ. Տ. Հրանդ Թահանեանին՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, եւ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանին՝ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ։