Featured, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԱԾ ԲԱՅՑ ԳՈՐԾՕՆ

Այսօր, նիւթի մը մասին կ՛ուզեմ խօսիլ, որ աւելի իմաստալից պիտի ըլլայ երբ խօսքէս ետք դիտէք յաջորդ տեսերիզը, զոր անուանած ենք «Retired but Active”՝ «Հանգստեան կոչուած բայց գործօն»։

Որպէս Առաջնորդ, օրհնուած կը զգամ որ շրջապատուած եմ նուիրեալ Հովիւներով, ինչպէս եւ հանգստեան կոչուած ու գործօն նախկին հովիւներով։ Արդարեւ, 2005-էն մինչեւ 2018, երբ Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ նշանակուած էի նախկին Առաջնորդ՝ Օշական Արքեպիսկոպոսի կողմէ, եւ այնուհետեւ մինչեւ մեր ժամանակները, միշտ երախտապարտ եղած եմ Ամենակալ Աստուծոյ, որ հանգստեան կոչուած մեր հովիւները, հակառակ իրենց յառաջացեալ տարիքին, պարտականութեան գիտակից, հոն ուր կարիքը զգացուած է, առանց այլեւայլի փութացած են ժողովուրդի հոգեւոր պահանջքները գոհացնելու։ Անոնցմէ մէկ քանիին անունը վեր առնելով, յիշեմ հանգուցեալներ՝ Արշակ Աւագ Քհն․ Տաղլեանը, որ եթէ ոչ ամէն շաբաթ, բայց վստահ երկու շաբաթը անգամ մը օդանաւով կը ճամբորդէր, եւ որ թռիչքներու ուշացումի կամ ջնջումի պատճառաւ երբեմն կէս գիշերէն ետք տուն կը հասնէր։ Անխոնջ Տէր Վազգէն Աւագ Քհն. Պէքիարեանը, երէցկին Անահիտը միշտ կողքին, իր ինքնաշարժով Արեւելեան շրջանի մեր բոլոր ծուխերը՝ Ուստըրէն մինչեւ Շիքակօ ու Աթլանթա, եւ Տիթրոյիթէն մինչեւ Ֆլորիտա կ՛այցելէր։ Զուարթախօս Տէր Մուշեղ Աւագ Քահանայ Տէր Գալուստեանը իր այցեքարտին վրայ տպել տուած էր՝ «Հանգստեան կոչուած, բայց միշտ պատրաստ ծառայելու», եւ կը ցրուէր իրեն յատուկ ժպիտով ու մեկնաբանութեամբ։

Իրենց ոսկի աշունը վայելող, հանգստեան կոչուած հոգեւոր եղբայրներ՝ Տէր Խորէն  Աւագ Քհն․ Հապէշեանը, որ ներկայիս Գալիֆորնիա կ՛ապրի, Տ․ Անդրանիկ Աւագ Քհն․ Պալճեանը, Տ․ Զարեհ Աւագ Քհն․ Սահակեանը, Տ․ Կոմիտաս Աւագ Քհն․ Պաղսարեանը, Տ․ Տարօն Աւագ Քհն․ Ստեփանեանը եւ Տ․ Արամ Աւագ Քհն. Ստեփանեանը,  որոնք որպէս անձինք նուիրեալներ, միշտ պատրաստ են ընդառաջելու ծառայութեան որեւէ կոչի, յստակ նշանաբան ունենալով անվերապահ կերպով հոգեւոր կարիքներուն հասնիլ մեր ժողովուրդին, հոն ուր որ գտնուի։

Գլխաւոր պատճառը որ այս նիւթը կ՚ուզեմ բաժնել ձեր հետ այսօր, անդրադառնալ է Ֆիլատելֆիոյ պատուակալ հովիւ՝ Տ․ Ներսէս Աւագ Քհն. Մանուկեանին, որ յետ հանգստեան կոչման բազմաթիւ հոգեշահ հատորներ լոյս ընծայելու կողքին, հիմնած է բարեսիրական ֆոնտ մը, եւ անցնող քանի մը տարիներուն Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ, ամենայն լռութեամբ ուրախացուցած է Լիբանանահայ մեր ուսուցիչներու սրտերը։ Այս տարի, ան, Ճինիշեան Բարեսիրական Ֆոնտի գործակցութեամբ, իր լայն օժանդակութիւնը բերաւ Լիբանանահայ կարօտեալներուն Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով։

Երբ դիտէք յաջորդ տեսերիզը՝ “Retired but Active”, վստահ եմ որ ո՛չ միայն Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքը, այլ համօրէն հաւատացեալները հպարտ պիտի զգան մեր նախանձախնդիր եկեղեցականներով, որոնք բանիւ եւ գործով կը տարածեն Քրիստոսի Բարի Լուրը։ Գուցէ մտածուի որ անապատի մէջ կաթիլ մը ջուր է ցանուածը, այնուամենայնիւ ատիկա կը ցոլացնէ աստուածահաճոյ հոգին մեր հոգեւոր հայրերուն, որոնք անխոնջ կերպով լծուած են գոհացնելու մեր պատուական ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ծարաւը, եւ հայթայթելու «Ամէնօրեայ Հացը> ամէնուրեք։

Արդարեւ, օրինակելի վկայութիւն մը՝ Հոգատարութեան եւ Բաժնեկցութեան։ Օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք որոնք կը բաժնեն, ինչպէս ծառերը՝ իրենց պտուղները, եւ ծաղիկները՝ իրենց բուրմունքը։