Առաջնորդարանէն

ԱՊՐԻԼ 24-Ի Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք), ոգեկոչելով Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը։ Պատարագեց ու քարոզեց Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք): Արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, որուն յաջորդեց քայլարշաւը դէպի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Դեսպանատուներ, կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մուշ», «Հայորդիք» եւ «Արսէն» մասնաճիւղերուն: