Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, Առաջնորդարանէն

ՍԻՐՈՅ ՎԱՐԱԿԻՉ ՄԱՆՐԷՆ

1966 թուականին, երբ Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց երրորդ դասարանի աշակերտ էի, երկամսեայ դրութեամբ իւրաքանչիւր դասարան մշակութային յայտագիր մը կը ներկայացնէր։ Երբ մեր կարգը եկաւ, Տիգրան Մեծի որդի՝ Արտաւազդ թագաւորը ընտրեցինք որպէս նիւթ։ Այդ առթիւ ինծի վիճակուեցաւ Հելլենասէր, զարգացած ու արուեստասէր թագաւորին կեանքը հրամցնել։ Խօսքիս մէջ յիշեցի, թէ ինչպէս բեմադրութեան մը առիթով, դերասանը բեմ կը մտնէ, ձեռքին բռնած Հռոմայեցի ագահ հիւպատոս՝ Կրեսոսի կտրուած գլուխը, բերանը ոսկիով լեցուած։ Ապա աւելցուցի՝ «Ափսո՜ս որ Կրեսոս չէր անդրադառնար, թէ ագահութիւնը ծովու աղի ջուրի նման՝ ծարաւը երբեք չի յագեցներ․ ընդհակառակը, որքան խմենք աւելի կը ծարաւնանք»։

Օրուան մեր տեսուչը՝ Գարեգին եպիսկոպոսը, ապա կաթողիկոս, գնահատելէ ետք դասարանային գրական ճոխ յայտագիրը, ըսաւ՝ «Տղա՛ք, գիտեմ որ ագահութիւնը դատապարտելի մեղք է, բայց կ՛ուզեմ որ դուք ագահ ըլլաք ընթերցասիրութեան մէջ եւ միշտ աւելի ու աւելի գիտութիւն ամբարէք»։ Բոլորիս համար պատգամը շատ յստակ էր՝ ժխտական նկատուած մեղքերը կարելի է դրական ուժականութեան վերածել, ինչպիսիք են դրական հպարտութիւնը, բարի նախանձը, արդար զայրոյթը, եւն․։

Տարիներ ետք, երբ դոկտորական աւարտաճառիս նիւթ ընտրած ըլլալով Ներսէս Արքեպիսկոպոս Լամբրոնացիի «Իմաստութիւն Սողոմոնի Մեկնութեան» գործը, զարմանքով նկատեցի թէ սրբակեաց բարձրաստիճան այս եկեղեցականը, մոլութիւն նկատուած «տռփանք», «պակշոտութիւն» եւ այլ ցանկութիւններ դրական ներուժի վերածելով զանոնք գործածած է որպէսզի Աստուծոյ սիրով բոցավառուինք։

Վստահ եմ որ պիտի հարցնէք, թէ ինչո՞ւ անցեալի փորձառութիւններ կը բաժնեմ ձեր հետ, փոխանակ անդրադառնալու այժմէական նիւթերու։ Պատճառը հետեւեալն է․  Քանի մը շաբաթ առաջ, տեսերիզի (video) վրայ խօսած էի հանգստեան կոչուած մեր հոգեւորականներէն՝ Տէր Ներսէս Մանուկեանի բարեսիրական գովելի արարքին մասին, որով Լիբանանի մէջ ապրող 130 ընտանիքներու կեանքին մէջ ուրախութիւն բերած էր։ Յաջորդ օր հեռաձայն ստացայ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Մեսրոպէն։ Տէր Հայրը ըսաւ. «Սրբազան, Հոգաբարձութեան հետ բարի նախանձով լեցուելով Տէր Ներսէսի սրտաշարժ արարքէն, մե՛նք եւս կ՛ուզենք Մայրերու Օրուան առթիւ ուրախութիւն պատճառել մեր տառապող եղբայրներուն  եւ քոյրերուն»։

Նոյն պահուն շշմած մնացի՝ գրեթէ լալու վիճակի մատնուելով, որով կրցայ հազիւ հետեւեալը ըսել՝ «Տէր հայր, Բարեգութն Աստուած բարի ու ազնիւ ձեր բոլոր փափաքները կատարէ», եւ վար դրի ընկալուչը։ Այդ պահուն մէջս արձագանգեցին Դպրեվանքի մեր տեսուչին եւ Ներսէս Լամբրոնացիի խօսքերը, թէ ո՛չ միայն դատապարտելի, այլ կրնանք նաեւ դրական ագահութեամբ, հպարտութեամբ, նախանձով ու ցանկութեամբ լեցուիլ եւ գործել, արեւու նման բարիք ճառագայթելով։

Այո՛, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Սէրը անդրանցնելով ամէն ժամանակ եւ տարածք, միշտ ուրախութիւն, մխիթարանք եւ յոյս կը ներշնչէ։

Կը մաղթեմ Սիրոյ, Բարութեան եւ Ազնուութեան փոխանցիկ մանրէն վարակէ բոլորս, եւ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ՝ «Իրարու հետ մրցինք առաքինութեանց մէջ» (Հռ 12․10)։