Առաջնորդարանէն

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԵՄԻՍ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Չորեքշաբթի, 13 Մայիսի միջօրէին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոսի, բացումը կատարուեցաւ Թեմիս հոգեւորականաց համագումարին՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Կրօնական Ժողովի ատենապետ, կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը ժողովականներուն։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հոգեւորականներուն։ Տեղի ունեցաւ ժողովի դիւանի ընտրութիւն. ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, իսկ ատենադպիր՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան կարդաց Կրօնական Ժողովի տարեկան տեղեկագիրը, որուն մասին քննարկում տեղի ունեցաւ։ Իբրեւ պատգամաւոր ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւորականները. Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան, Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան։

Արժպ. Տ. Պետրոս Ա. Քհն. Շիթիլեան դասախօսեց «Երաժշտութիւնն ու հոգեւոր կեանքը» նիւթին շուրջ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։

Հինգշաբթի, 14 Մայիսի առաւօտեան, հոգեւորականները այցելեցին Սիտար Կրով գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին ի յիշատակ հոն թաղուած Թեմիս ծառայած հոգեւորականներու՝ Գերպ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Մարդուկէսեանի, Արժպ. Տ. Խաչատուր Ա. Քհն. Կիրակոսեանի, Արժպ. Տ. Ասողիկ Ա. Գլըճեանի եւ Արժպ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. Տէր Գալուստեանի, երէցկիներ Անժէլ Գլըճեանի եւ Վարդուհի Տէր Գալուստեանի, եւ բարերարներ Սիւզըն Յակոբեանի եւ Պետրոս Ճիւելէկեանի։