Առաջնորդարանէն

«ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ» ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԸ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 14 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի բացման նիստէն ետք, երեսփոխանները մեկնեցան Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), ուր տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ Համբարձման տօնին առիթով։ Պատարագեց ու քարոզեց Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան՝ հովիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ)։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը բարի գալուստ մաղթեց երեսփոխաններուն Նիւ Եորքի թեմայով լաւագոյնս պատրաստուած ճաշկերոյթով։

Երեկոյեան գլխաւոր նիւթը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական առաքելութեան հիմնադրութեան 10-ամեակն էր։ Յատուկ տեսերիզ մը ներկայացուց անոր պատմութիւնը, սկսելով 2015 թուականի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովէն, որ Արեւելեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ նման առաքելութիւններ ստեղծելու որոշումը վաւերացուցած էր եւ ընտրած՝ Ս. Սարգիսը որպէս առաջին փորձի վայրը։ 2016-ին հաստատուած առաքելութիւնը այսօր 20 վարիչ եւ շուրջ 100 պատանիներ կը համախմբէ՝ մեր Եկեղեցւոյ ու հաւատքի մասին սորվելու եւ գիտելիքները գործի դնելու համար։

Տեսերիզէն ետք, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան հրաւէրով, «Աղ եւ Լոյս» առաքելութեան սկզբնական կորիզի աւելի քան 40 անդամներ հաւաքուեցան, որոնք անոր անունով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսէն ստացան Ազգային Առաջնորդարանի յատուկ գնահատագիրը։ Երգով ելոյթ ունեցաւ առաքելութեան անդաներէն եւ եկեղեցւոյ խորանի ծառայողներէն Թոնի Մարինօ։