Առաջնորդարանէն

«LET’S CHAT 5 – ԶՐՈՒՑԵՆՔ 5» ԶՐՈՒՑԱՐԱՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը լոյս ընծայեց «Let’s Chat 5 – Զրուցենք 5» զրուցարանը։ «Զրուցենք» շարքի հինգերորդ գրքոյկը կը ներկայացնէ խումբ մը աշակերտներ, որոնք շրջանաւարտից ​այցելութեան կ՚երթան Հայաստան​, եւ կը հետեւի տեսարժան վայրեր կատարած ​անոնց պտոյտներուն։ Ինչպէս նախորդ գրքոյկներու պարագային, զրոյցները կը ներկայացն​են դիւրին գործածութեան բառապաշար​ մը, որ կը համադրուի Գառնի ու Գեղարդէն մինչեւ Տաթեւ եւ Սեւանայ լիճ​ այցելութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններուն հետ։ Զրուցարանը գործիք մըն է, որ թոյլ կու տայ թէ՛ խորացնել հայերէնի իմացութիւնը եւ թէ՛ սորվողին ծանօթացնել հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը։

«Let’s Chat – Զրուցենք»ի ամբողջական շարքը կը հրատարակուի Տոքթ․ Արամ եւ Սեդա Սէմէրճեաններու մեկենասութեամբ։ Յանձնարարելի է ամէն տարիքի անձերու։

Հինգ հատորիկները («Let’s Chat 1 – Զրուցենք 1»ը արդէն կը գտնուի երկրորդ տպագրութեան մէջ) կարելի է ապահովել առանձինն կամ ամբողջական շարքի տեսքով Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ «Let’s Chat 5 – Զրուցենք 5»-ը գնելու համար կրնաք սեղմել այստեղ կամ գրել books@armenianprelacy.org հասցէին։