
News
ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 26 Մայիս, 1926)

Վահագն Տատրեան ցեղասպանութեան երեւոյթի եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին գիտական ուսումնասիրողներէն մէկը եղած է։
Ծնած է Պոլիս, 26 Մայիս, 1926-ին։ Հայրը Չորումի երեւելի դատաւորներէն էր եւ լաւ բարեկամութիւն ունէր իթթիհատականներուն հետ։ Այդ բարեկամութեան շնորհիւ Տատրեանները յաջողած են փրկուիլ եւ Պոլիս հասնիլ։
Նախակրթութիւնը ստացած է նախ Գատըգիւղի եւ ապա Սկիւտարի մէջ։ Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին մեկնած է Պերլին համալսարանական ուսումը շարունակելու համար։ Հետեւած է թուաբանութեան, սակայն յետոյ փոխած է իր ուսման ուղղութիւն եւ անցած՝ Վիեննա, ուսանելով փիլիսոփայութիւն տեղւոյն համալսարանին մէջ։ Այնուհետեւ աւարտած է միջազգային իրաւաբանութեան ճիւղը Ցիւրիխի համալսարանին մէջ։ Ընկերաբանութեան տոքթորական պաշտպանած է Շիքակոյի համալսարանին մէջ։ Կատարելապէս տիրապետած է անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, հայերէն, թրքերէն ու օսմաներէն լեզուներուն։
1970-1991 թուականներուն, ընկերաբանութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանին մէջ, միաժամանակ Հարվըրտ համալսարանի Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու եւ Մասաչուսէցի Արհեստագիտութեան Հիմնարկի միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի աւագ գիտաշխատող դառնալով:
1990-ականներուն Հ. Ֆ. Կուկընհայմ Հիմնարկին ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի տնօրէնի պաշտօնը վարած է: 1991-էն ի վեր, «Զօրեան» հիմնարկի ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագիրի գիտական տնօրէնն էր:
1996-ին յաջողած է 126 գիտնականներու ստորագրութեամբ դատապարտել թրքական կառավարութիւններու ուրացման քաղաքականութիւնը։ Նման նախաձեռնութիւններ կատարած է նաեւ 1998-ին եւ 2000-ականներուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատուոյ տոքթորի տիտղոսը ստացած է, իսկ այնուհետեւ Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ ընտրուած է (1998)։
Տատրեան համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն կը նկատուի։ Անոր յօդուածներն ու գիրքերը թարգմանուած են տասէ աւելի լեզուներու։
Բազմաթիւ գիտական յօդուածներու կողքին, հրատարակած է հետեւեալ հատորները՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը խորհրդարանային եւ պատմագիտական քննարկումներով» (1995), «Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը» (1995, անգլերէն), «Հայոց «Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ գերմանական պատասխանատուութիւնը» (1996, անգլերէն), «Հայոց ցեղասպանուեան թրքական ժխտումի գլխաւոր տարրերը» (1999, անգլերէն), եւ «Ցեղասպանութեան կոչնագիր» (1999, անգլերէն)։
Վահագն Տատրեան ստացած է բազմաթիւ պարգեւներ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» մետալը (1998), Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ոսկեայ յուշամետալը (1998), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալը (1999), Հայաստանի նախագահի ոսկեայ մետալը (2009) եւ այլն։ Մահացած է 2 Օգոստոս, 2019-ին, Նիւ Եորքի մէջ։ Աճիւնները փոխադրուած են Երեւան եւ թաղուած՝ Թոխմախ գերեզմանատան մէջ։