
News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱԿ-Ի ԿԵԴՐՈՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻ ՀՐԱՒԷՐՈՎ

Երեքշաբթի, 26 Մայիսին, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ Պարոյր Յովհաննիսեանի յատուկ հրաւէրով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան, այցելեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնը։ Մուտքին, դիմաւորուեցան ՄԱԿ-ի գլխավոր քարտուղարի՝ Ընդհանուր Ժողովի եւ համագումարներու կառավարման հարցերով տեղակալ՝ Մովսէս Աբելեանի կողմէ, որ ծանօթացուց անոր բաժանմունքներուն եւ գործունէութեանց։ Այցելութեան ընթացքին, նաեւ արծարծուեցան հայ եւ միջազգային կեանքը յուզող հարցեր։ Պրն. Յովհաննիսեանին կ՚ընկերանար մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ՝ Ժիրայր Անանեան ։ Սրբազան Հայրերը, հրաժեշտ առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեցին այս օգտաշատ եւ դաստիարակիչ հրաւէրին համար։