
News
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄՒՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 2026-Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

14-15 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին զուգահեռ, Տիկնանց Միութեան Ազգային Ընկերակցութիւնը իր տարեկան համագումարը ունեցաւ՝ Արեւելեան Թեմի տարբեր ծուխերէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) Տիկնանց Միութեան հիւրընկալութեամբ, համագումարը կեդրոնացաւ ծխական կեանքի ամրացման վրայ։ Պարգամաւորները ներկայացուցին ծուխերու յաջող նախաձեռնութիւնները, քննարկեցին կանոնագրութեան այժմէականացումը եւ հանգանակութեան ռազմավարութիւններ, եւ շեշտեցին երիտասարդ սերունդներու ուղեցոյց ըլլալու կարեւորութիւնը։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեանի (Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ), եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի (Ս. Լուսւաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ) այցելութիւնները համագումարին նոր աւիշ տուին այն դերին, զոր տիկնանց միութիւնները կը շարունակեն խաղալ իբրեւ ծուխերու ողնայարը։ Համագումարի աւարտին տեղի ունեցաւ 2026-2027-ի գործադիր յանձնախումբի ընտրութիւնը։ Նոր կազմը բաղկացած է հետեւեալ անդամներէն՝ երէցկին Մակի Գույումճեան, ատենապետուհի, Սիւզըն Էրիքսըն՝ գանձապահուհի, Տօն Վարժապետեան՝ ատենադպրուհի, երէցկին Անի Թրթռեան, Ժանէթ Նէնէճեան, Մարի Տէրտէրեան եւ Նորին Լա Ֆազիա՝ խորհրդականներ։