Առաջնորդարանէն

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 Մայիսին, Հոգեգալստեան տօնը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) յատկանշուած էր մեծ թիւով խորանի ծառայողներու ձեռնադրութեամբ։ Ս. Պատարագը մատոյց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, առընթերակայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք) այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ձեռնադրեց հետեւեալ կիսասարկաւագները՝ Նարեկ Գասարճեան, Արարատ Եագուպեան, Մայքլ Համբարձումեան, Մայքլ Պէտէրճիքեան, Կրէկ Վարժապետեան եւ Ռոպըրթ Քէնէպի (կրտսեր)։ Ան նաեւ ձեռնադրեց 26 դպիրներ՝ Սեւան Ասատուրեան, Մարալ Գաբրիէլեան, Վահէ Գաֆաֆեան, երէցկին Մակի Գույումճեան, Հիլտա Դաւիթեան, Մարինա Եագուպեան, Սոնիա Թէքէեան, Անն Թրոզօ, Ճէյն Կորտնըր, Ժասմին Համբարձումեան, Լին Մահլէպճեան, Յովհաննէս Յովհաննէսեան, Անի Չարխուտեան, Դուին Պարոնեան, Քարինա Պէրպէրեան, Նարա Սիմոնեան, Մարի Օհաննէսեան, Տիգրան Ալավերտեան, Արարատ Եագուպեան, Մանուէլ Պէտէրճիքեան, Մայքլ Պէտէրճիքեան, Մէյսըն Ռոպըրթս, Կրէկ Վարժապետեան, Կիւլիւզար Տէմիրճեան, Մարկրէթ Փափազեան եւ Ռոպըրթ Քէնէպի (կրտսեր)։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ իր առաջնորդական պաշտօնի վերընտրութեան եւ Վատիկան կատարած իր այցելութեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին իբրեւ անդամ։ Այնուհետեւ, անդրադարձաւ  Հոգեգալուստի նշանակութեան, զայն առնչելով օրուան ձեռնադրութեանց, ինչպէս նաեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կեանքին եւ ապագային։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն ընթացքին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յանձնեց ձեռնադրութեան վկայականները իւրաքանչիւր դպիրի եւ կիսասարկաւագի, եւ շնորհաւորեց զանոնք։ Վերջաւորութեան, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանը, որ ամենայն ներդաշնակութեամբ գործակցելով հոգաբարձութեան, յարակից մարմիններուն եւ քոյր կազմակերպութեանց հետ, որ իր օրինակելի ծառայութեամբ եկեղեցւոյ կեանքը առաւել եւս կ՚աշխուժացնէ։