Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

28 Մայիս, 1918-ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցեղասպանութեան զոհ ազգի մը մոխիրէն ծնունդ առաւ, երբ կայսրութիւններն ու աշխարհի կարգը փուլ կու գային Ա. Աշխարհամարտէն ետք։ Հակառակ ծննդեան դժուարին պայմաններուն, համաճարակներու եւ դրացիներու թշնամական կեցուածքին, 1918-1920-ի կարճատեւ անկախ հանրապետութիւնը հիմքը դրաւ մեր արդի հայրենիքին, որ այս տարի իր անկախութեան 35-ամեակը կը նշէ։ Մինչեւ 1991-ի վերանկախացումը, քիչ էին այն հայերը, որ կը հաւատային, թէ վերստին պիտի տեսնեն եռագոյն դրօշակի ծածանումը ազատ հայրենիքի վրայ։ Այսուհանդերձ, այսօր, ի հեճուկս բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը յարատեւէ, առաջ տանելով Մայիս 28-ին առաջին անգամ կատարուած խոստումը եւ վերահաստատելով, բոլոր դժուարութիւններուն դէմ յանդիման, հայ ժողովուրդի կամքը՝ ազատ ապրելու իր պապենական հողերուն վրայ։