Featured, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, Առաջնորդարանէն

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՄԵՐ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Կը ցաւիմ որ անցեալ Հինգշաբթի չկրցայ ձեր հետ ըլլալ, որովհետեւ Ազգային Առաջնորդարանի Երեսփոխանական Ժողովի աւարտին, Թեմէս ներս ծառայելու համար երրորդ անգամ Առաջնորդ ընտրութենէս անմիջապէս ետք մեկնեցայ Հռոմ, միանալու շքախումբին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի, որ իր պաշտօնական այցով պիտի շնորհաւորէր Լեւոն ԺԴ. Պապի գահակալութիւնը։ Իրաւ է որ տարի մը անցած էր Սրբազան Պապի ընտրութենէն ու գահակալութենէն, սակայն զոյգ հոգեւոր պետերու ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ քաղաքական վերիվայրումներու պատճառաւ յապաղած, սակայն անժամանցելի հանդիպումը օրհնաբեր էր Քրիստոսի Մարմինին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման համար։

Վստահ եմ որ ձեզմէ շատեր արդի լրատուութեան ընձեռած բարիքներուն միջոցաւ քայլ առ քայլ հետեւեցան պատմական այս այցին, որ ներառեց անձնական թէ հաւաքական հանդիպումներ Սրբազան Պապին հետ, ինչպէս նաեւ Կարտինալ Փարօլինի՝ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար, Կարտինալ Քոխի՝ նախագահ Քրիստոնէական միութեան բաժանմունքի, Կարտինալ Քուվաքատի՝ ատենապետ միջ-կրօնական երկխօսութեան բաժանմունքի, Կարտինալ Կուճերոթիի հետ՝ ատենապետ Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու բաժանմունքի։ Վեհափառ Հայրը նաեւ դասախօսեց Pontifical Oriental Institute-ի մէջ, թղթակիցներու հետ հանդիպում ունեցաւ Radio Vaticana-ի մէջ, եւ այցելեց Լեւոնեան աստուածաբանական վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Ռաֆայէլ  Պետրոս ԻԱ.ի եւ վարժարանի տեսուչին եւ ուսանողութեան կողմէ։

Լեւոն Պապի կողմէ Արամ Կաթողիկոսի ընծայուած մեծարանքը պատուաբեր եւ իւրայատուկ էր։ Արդարեւ, Վատիկանի մէջ իրարու հանդիպելէ վեց ամիս առաջ զոյգ հոգեւոր պետերը իրարու ծանօթացած էին Լիբանանի մէջ, երբ Լեւոն Պապը հովուապետական իր առաջին միջազգային այցելութիւնը կատարած էր Լիբանան։ Այս երկրորդ հանդիպումով երկու եկեղեցիները քրիստոնէական շաղախով միացնող կապը, որ կեանք առած էր 1962-ի Վատիկանի երկրորդ ժողովէն ետք, առաւել եւս ամրացաւ։ Ուշագրաւ էր այն երեւոյթը որ Նորին Սրբազնութիւն Պապը եւ բարձրաստիճան այլ հոգեւորականներ լուսարձակի տակ բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերակատարութիւնը, անդրադառնալով 1967 թուականին հոգելոյս Խորէն Ա․ Կաթողիկոսի Վատիկան այցելութեան, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր, կատարուած՝ Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին պատկանող հոգեւոր պետի կողմէ։

Ծաւալուն յայտագրով պատմական այս այցելութիւնը, օրհնութիւն մը եղաւ, երկու Աթոռներու միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ բանալով ի փառս Ամենակալ Աստուծոյ՝ մեր Երկնաւոր Հօր, որ յայտնուեցաւ Իր Միածինով եւ կը գործէ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։

Այո, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Պետականութեան հետ Հայ եկեղեցին մեր գոյութեան գրաւականն է, որ կը պահպանէ մեր Հայ Քրիստոնեայի ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհին կը ներկայացնէ մեր դարաւոր ստեղծագործ ոգին եւ դրական ներդրումը մարդկութեան մեծ ընտանիքի հարստացման համար։

Ուստի, միշտ երախտապարտ ըլլանք Նախախնամութեան հոգատարութեան, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դարէ դար, իսկ մեր կարգին ամբողջական յանձնառութեամբ զօրավիգ կանգնինք Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան, եկեղեցի մը որ Բարեգութ Աստուծոյ գերագոյն պարգեւն է յաւերժափառ Արարատի ժողովուրդին։