
News
ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑ (ծնունդ՝ 13 Յունիս, 1899)

Ակսել Բակունց ստալինեան մաքրագործումներուն զոհուած գրողներու սերունդի ամենէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է։
Բուն անունով՝ Ալեքսանդր Թեւոսեան, ծնած է 13 Յունիս, 1899-ին, Գորիսի մէջ։ Գորիսի ծխական դպրոցը աւարտելէ ետք, ապագայ գրագէտը 1910 թուականին ընդունուած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, որուն դասարանային բաժինը աւարտած է 1917 թուականին։ 1915-1916-ին ուսուցչական աշխատանք կատարած է Սիւնիքի Լոր գիւղին մէջ։ 1917-1918 թուականներուն իբրեւ շարքային զինուոր մասնակցած է Աշկալայի, Իլիջայի եւ Արտադանի կռիւներուն ու Սարդարապատի հերոսամարտին։ Ուսանած է Թիֆլիսի բազմարուեստից հիմնարկին մէջ, ու ապա մեկնած է Խարկով եւ 1923-ին աւարտած՝ Խարկովի գիւղատնտեսական հիմնարկը։ Այնուհետեւ վերադարձած է Հայաստան եւ 1924-1926-ին Գորիսի մէջ աշխատած է իբրեւ Զանգեզուրի գաւառական գիւղատնտես։ Հաստատուելով Երեւան, 1926-1931 թուականներուն Հայաստանի հողային վարչութեան պետի տեղակալ եղած է։ Միաժամանակ, 1927-1928 թուականներուն աշխատած է նաեւ «Մաճկալ» թերթին մէջ ու մասնակցած՝ Երեւանի անասնաբուծական եւ անասնաբուժական հիմնարկի հիմնադրութեան աշխատանքներուն։
1927-ին «Մթնաձոր» պատմուածքներու հատորով իր գրական հռչակը ապահոված է։ Լոյս ընծայած է պատմուածքներու քանի մը հատոր եւս, որոնց շարքին՝ «Սպիտակ ձիաւորը», «Սեւ ցելերի սերմնացանը» (1933), «Անձրեւ» (1935), եւ այլն։ Հրատարակած է նաեւ «Յովնաթան Մարչ» (1927) եւ «Կեօրես» (1936) վէպերը, ուսումնասիրութիւն մը՝ «Խաչատուր Աբովեանի “անյայտ բացակայումը”» (1932), ինչպէս եւ վէպ մը Աբովեանի մասին, որուն միայն մէկ մասը հրատարակուած է։ Գրած է «Զանգեզուր» եւ «Արեւի որդին» շարժանկարի բեմագիրները եւ թարգմանած՝ ռուս գրող Նիքոլայ Կոկոլի «Թարաս Պուլպա» վէպը։
Ակսել Բակունց՝ Եղիշէ Չարենցի մերձաւոր բարեկամ, առաջին զոհերէն եղած է ստալինեան մաքրագործումներուն։ Ձերբակալուած է 9 Օգոստոս, 1936-ին, եւ գնդակահարուած՝ 8 Յուլիս, 1937-ին, ձեւական դատավարութենէ մը ետք, որ միայն 25 վայրկեան տեւած է։ 1955-ին արդարացուած ու իր դատապարտութիւնը անհիմն նկատուած է։ Բակունցի մանկութեան տունը Գորիսի մէջ 1968-ին տուն-թանգարան դարձած է, իսկ ներկայիս՝ Եղիշէ Չարենցի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի մասնաճիւղ մըն է։