Մեր ծուխերէն

ՏՈՔԹ. ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ՝ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԲՈՒԺՄԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՅ

Տոքթ. Սարօ Սարգիսեան՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) նուիրեալ ծխականներէն, Միացեալ Նահանգներու առաջին բժիշկն է, որ վկայուած է կատարելու Tumor Treating Fields (TTFields) բուժում ենթաստամոքսային գեղձի (pancreas) տեղականօրէն յառաջացած քաղցկեղի համար։ Պաշտօնապէս վաւերացուած այս բուժումը առաջին կարեւոր յառաջխաղացքն է այս տեսակի քաղցկեղի համար վերջին 30 տարիներուն, նոր յոյս ներշնչելով հիւանդներուն։

Այս աննախընթաց բուժումը հիւանդներու կեանքը կ՚երկարացնէ առանց կողմնակի անցանկալի ներգործութիւն ունենալու, կեանքի որակը պահպանելով։

Տոքթ. Սարգիսեան աւարտած է Հալէպի համալսարանը եւ իր բժշկական ուսումը խորացուցած է Փիթսպըրկի համալսարանի բժշկական կեդրոնին մէջ։ Այնուհետեւ, արիւնագիտութեան եւ քաղցկեղաբանութեան մասնագիտական կրթութիւն ստացած է Lehigh Valley-ի քաղցկեղի հիմնարկին մէջ (Փէնսիլվէնիա)։ Նաեւ առողջապահութեան կառավարման մագիստրոսական տիտղոս ստացած է Գափելլա համալսարանէն (Մինէափոլիս) եւ առողջապահութեան մէջ արհեստական իմացականութեան մասնագիտական դասընթացքներու հետեւած է Հարվըրտ համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ։

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հետ, Ազգային Առաջնորդարանը եւս կը շնորհաւորէ տոքթ. Սարգիսեանը այս արտակարգ իրագործումին համար։ Յայտնենք, թէ յարգելի բժիշկի նկարը զետեղուած է billboard-ի վրայ՝ Route 15 South, Frederick, Maryland։