Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 4 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ «’Sitting as a Stranger’: Evagrius in the Desert and Beyond» գիտաժողովի առաջին օրուան նիստերուն։ Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Ս. Ներսէս ճեմարանին կողմէ (Արմոնք, Նիւ Եորք)։ Եռօրեայ գիտաժողովին մասնակցեցան 20 գիտնականներ Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն։

Գիտաժողովի բացումը կատարեց էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան, որ լուսարձակի տակ առաւ մեծ սուրբին կեանքը, որ լայն տարածում գտած է քրիստոնեայ աշխարհին մէջ։

Առաջին նիստին, Անուշաւան Սրբազան ներկայացուց իր դասախօսութիւնը՝ «Եւագրը Ներսէս Արքեպիսկոպոս Լամբրոնացիի «Սաղմոսներու մեկնութեան» մէջ»։ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ բանասէրները, շեշտելով 5-րդ դարէն մինչեւ 14-րդ դարու հայ մատենագրութեան մէջ Եւագրի ազդեցութիւնը, իրենց ուշադրութենէն վրիպած է Ներսէս Լամբրոնացիի պարագան։ Սրբազան Հայրը, զուգահեռ գծելով երկու սուրբերու կեանքին մէջ, ներկայացուց այն մէջբերումները, զորս Լամբրոնացի կատարած է իր լայնածաւալ մեկնութեան հատորին մէջ եւ հանգամանօրէն անդրադարձաւ անոնց։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ՝ փրոֆեսորներ Անի Շահինեանին եւ Ռոպըրթա Ըրվայնին, եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկային նմանօրինակ ձեռնարկներու։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ: