
News
ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Է ՏԱԼԸ, ՔԱՆ ԱՌՆԵԼԸ

Արդար կերպով ըսուած է, թէ կեանքը շարունակական բաց դպրոց մըն է։ Ամէն օր նոր բան կը սորուինք բոլորէն եւ ամէն բանէ՝ մարդ արարածներէն մինչեւ ստեղծագործութեան տարրերը։ Միշտ մեծ հաճոյքով եւ սրտի խոր գոհունակութեամբ կարդացած եմ Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքը, թէ «աւելի լաւ է տալը, քան առնելը» (Գործք 20.35)։ Աւելի քան յիսուն տարիներու եկեղեցականի փորձառութեանս ընդմէջէն մեր Տիրոջ յայտնած այս ճշմարտութեան խորքն ու գեղեցկութիւնը առաւել եւս զգացած եմ, ամէն անգամ երբ կեանքի տարբեր բնագաւառներէն անձեր մօտենալով ինծի, մեծ հաճոյքով գումար մը վստահած են, որպէսզի բարեսիրական նպատակի համար գործածեմ։
Անոնք որոնք նուէրը ստացած են, բնականաբար ուրախութեամբ ողողուած է անոնց կեանքը, սակայն ինչ որ զիս զարմացուցած է այն է, որ լուռ եւ անբացատրելի խաղաղ երջանկութիւն մը նկատած եմ նուիրատուներու աչքերուն մէջ։ Ուրախութիւն մը, որ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կը բխի այն իրողութենէն, որ կը նմանին առատաբաշխ Արարիչ՝ մեր Երկնաւոր Հօր, երկնքի մէջ շողացող արեւուն՝ որ կը լուսաւորէ մեր կեանքը, աղբիւրներուն՝ որոնք զուլալ ջուր կը բխեն, ծառերուն՝ որոնք պտուղ կը պարգեւեն եւ ծաղիկներուն՝ որոնք իրենց բոյրը կը սփռեն, միշտ կեանք, բարութիւն եւ գեղեցկութիւն բաշխելով առանց որեւէ ակնկալութեան։
Պատճառը որ այս մասին կը խօսիմ այն է, թէ՝ Մայրերու տօնին առթիւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Հովիւ եւ Հոգաբարձութեան կատարած նուիրատուութիւնը՝ Լիբանանի կարիքաւոր ընտանիքներուն, որուն անդրադարձած էինք մեր շաբաթօրեայ Crossroads լրատուին մէջ, խանդավառած էր հաւատացեալ բարեպաշտուհի մը, որ իր կարգին շօշափելի նուէր մը կատարեց, այս պարագային Հայրերու տօնին առթիւ նոյն նպատակին համար։
Նուիրատուն համեստ տիկին մըն է, համեստ եկամուտով, սակայն հարուստ սրտով։
Արդարեւ, ազնուական արարք մըն է ասիկա, որ երկիրը երկնքին կը մօտեցնէ եւ արարածները՝ Արարիչին, որմէ կը բխին բոլոր բարի եւ կատարեալ պարգեւները, ինչպէս կ՛ըսէ Յակովբոս Առաքեալ (Յակ 1.17)։
Անկեղծ ըսած, ինծի մեծ հրճուանք եւ քաջալերանք կը պատճառէ երբ տեսնեմ, թէ ինչպէս Ազգային Առաջնորդարանի մեր ձեռնարկած բոլոր ծրագիրները՝ հոգեւոր, մշակութային թէ բարեսիրական, գնահատանքի կ՚արժանանան մօտակայ թէ հեռաւոր մեր պատուական ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, որով առաւել խանդավառութեամբ կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը ի խնդիր մեր համայնքներու յառաջդիմութեան ու հզօրացման, եւ ի փառս Ամենակալ Աստուծոյ։
Ուստի, Հայրերու տօնին առթիւ լիակատար սրտով մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք մեր հայրերուն, հոգեւոր հայրերուն, բայց մանաւանդ Երկնաւոր Հօր, որ անհատնում կերպով կը սիրէ ու կը հոգայ, կը համբերէ ու կը ներէ, բայց նաեւ կ՛ուրախանայ, տեսնելով որ իր զաւակները կը ցոլացնեն Աստուածային էութիւնը՝ ՍԷՐԸ։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ