ՀԱՐՑՈՒՑԷՔ CROSSROADS-ԻՆ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՐԿՈՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆՆԵՐԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉԻ ԱՋԸ ՈՒՆԻՆ

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաորիչի Աջը պատմականօրէն կապուած է եկեղեցւոյ նուիրապետական օրինականութեան հետ, նոյնիսկ եթէ այս աւանդութիւնը կանոնական հիմքեր չունի։ Այս նիւթի մասին յօդուածի մը մէջ, պատմաբան Տիգրան Գույումճեան դիտել տուած է, որ աջ թեւերը մասունքներու պահպանման ամենէն տիրական ձեւն էին, մինչ միջնադարեան Եւրոպայի մէջ ճշմարիտ խաչը ամենէն փնտռուած մասունքն էր տիրակալներու կողմէ։  

Կաթողիկոսներու հետ կապուած հեղինակութիւնը կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը այսօր կը պահպանուի եկեղեցիներու գանձարաններուն մէջ եւ ծիսականօրէն կը գործածուի, փոխանակ թանգարաններու մէջ ցուցադրուելու, ինչպէս այլ սրբազան մասունքներու պարագային։

Ինչպէս Գույումճեան կը բացատրէ իր յօդուածին մէջ, Լուսաւորիչի Աջի ամենէն նշանաւոր մասունքները կը գտնուին Ս. Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռներուն մէջ։ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը միշտ ի պահ դրուած է Կաթողիկոսի հսկողութեան ներքեւ։ 1441 թուականին, երբ Գրիգոր Թ. Մուսաբէկեան Կաթողիկոս (1439-1446) մերժած է Էջմիածին երթալ, Կիրակոս Ա. (1441-1443) Կաթողիկոս ՚ընտրուած է Էջմիածնի մէջ։ Այս շրջանին, Սիս գտնուող Աջը անհետացած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն։ 1445-ի կոնդակ մը յիշած է Լուսաւորիչի Աջը Էջմիածին գտնուող մասունքներու շարքին, իսկ 1446-ին Աջը վերայայտնուած էր Սսոյ Կաթողիկոսութեան մէջ տարիներու բացակայութենէ ետք։ Երկու աջերու գոյութիւնը կու գայ 15-րդ դարու այս ժամանակաշրջանէն։

Դոկտ. Գույումճեան, սակայն, նաեւ կը յիշէ երեք այլ աջերու մասունքներ, բոլորն ալ Հայաստանէն  դուրս։ Երկուքը կը գտնուին Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ, իսկ երրորդը՝ Իտալիոյ Նարտօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Հայ մայր տաճարին մէջ։ Վերջինը յանձնուած է  Նափոլիի Ս. Գրիգոր Հայ մայր տաճարին կողմէ։

Բանավէճեր ու զանազան հեգնական արտայայտութիւններ եղած են մարմնի նոյն մասերէ առնուած մասունքներու մասին։ Գույումճեան կը բացատրէ, թէ «սուրբերու ոսկորները յաճախ մասնատուած կամ սփռուած են տարբեր եկեղեցիներու կամ բարձրաստիճան եկեղեցականներու միջեւ»։ Ան վկայակոչած է Ագաթանգեղոսը յայտնելու համար, թէ նոյնինքն Լուսաւորիչը բաժնած է Հայաստան բերած սուրբերու մասունքները։