
News
ՄԱՅՔԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ (մահ՝ 19 Յունիս, 1996)

Ամերիկահայ բնագէտ եւ գիւտարար Մայքլ Տէր Պօղոսեան կը նկատուի փոզիթրոնային ճառագայթման հատուածագրութեան (Positron Emission Tomography, PET) հայրերէն մէկը։
Մայքլ Տէր Պողոսեան ծնած է 21 Ապրիլ, 1925-ին, Պերլինի մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու միակ զաւակն էր։ Մանուկ տարիքին, Ֆրանսա փոխադրուած է ծնողներուն հետ։ Հոն ուսանած է Փարիզի համալսարանին եւ Ռատիումի հիմնարկին մէջ։ 1946-ին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ իր ուսումը շարունակած է Սէնթ Լուիզի Ուաշինկթըն համալսարանին մէջ, ուր ստացած է իր դոկտորի տիտղոսը կորիզային բնագիտութեան մէջ 1950-ին։ Նոյն տարին մտած է համալսարանի ճառագայթաբանութեան հիմնարկը եւ բժշկական դպրոցը։ Ճառագայթաբանութեան հիմնարկի ճառագայթային գիտութիւններու բաժնի տնօրէնի պաշտօնը վարած է 1963-1991-ին, իսկ բժշկական դպրոցին մէջ դասաւանդած է 1950-1990-ին։
1950-ական թուականներէն զբաղած է տարբեր ճիւղերու բժշկական հետազօտութեան գործիքներու ստեղծման հարցով։ 1974-ին, Մայքլ Տէր Պօղոսեանի գլխաւորած խումբը ստեղծած է համակարգչային հատուածագրութեան (tomography) միջոցով մարդու մարմնի պատկերը վերարտադրող սարքը։ Այս սարքը կ՚օգտագործուի քաղցկեղային գոյացութիւններու յայտնաբերման համար, ինչպէս նաեւ սրտի հիւանդութիւններու վերահսկման ատեն։ Անիկա յեղաշրջող նշանակութիւն ունեցաւ ուղեղի գործունէութիւնը ըմբռնելու աշխատանքին մէջ։
Մայքլ Տէր Պօղոսեան յանկարծամահ եղած է 19 Յունիս, 1996-ին, Փարիզի մէջ, արձակուրդի մը ընթացքին։