Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԿՈՉԻՆ

Լիբանանի տիւրզիներու համայնքապետարանին մէջ, Երեքշաբթի, 2 Յունիսին, Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կայացաւ: Այլ հոգեւոր պետերու կարգին, յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Ն.Ա. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Շահէ Արքեպիսկոպոսը։

Հոգեւոր պետերու խօսքերէն ետք, քննարկուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին կողմէ նախապէս պատրաստուած յայտարարութիւնը: Յիշեալ յանձնախումբին մէջ հայ համայնքին կողմէ կը մասնակցի դոկտ. Ժան Սալմանեան:

Քննարկումներու ընթացքին իւրաքանչիւր հոգեւոր պետ իր տեսակէտը պարզեց եւ ապա միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ յայտարարութիւնը: Անոր մէջ դատապարտուեցաւ Իսրայէլի յարձակումները, զօրակցութիւն յայտնուեցաւ գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն՝ Լիբանանի կառավարութեան, եւ շեշտուեցաւ տագնապալից այս օրերուն երկրին ներքին միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտ հրամայականը:

Շուրջ շաբաթ մը ետք, յատուկ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, ներառելով երկրի բոլոր կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչները։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, յիշեալ յանձնախումբին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Յանձնախումբը երեք օրերու ընթացքին յաջորդաբար պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեան երեք բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ։

Ան նախ այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիին, ապա վարչապետ Նաուաֆ Սալամին, իսկ վերջապէս՝ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունին։

Հանդիպումներու ընթացքին յանձնախումբի անդամները ներկայացուցին Լիբանանի հոգեւոր պետերուն կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան հիմնական սկզբունքները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները:

Լիբանանի պետական իշխանութեան երեք պատասխանատուները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հոգեւոր պետերու միացեալ յայտարարութեան, ընդգծելով, թէ ան կը մարմնաւորէ Լիբանանի ազգային միասնականութեան ոգին եւ կը վերահաստատէ երկրի ներքին խաղաղութիւնն ու ամբողջականութիւնը պահպանելու հրամայականը ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց։