Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ 250-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Աբրահամ Լինքընի կարճ ճառ մը ոսկեայ տառերով արձանագրուած է պատմութեան մէջ։ Կարելի է ըսել նաեւ, թէ այդ ճառը ժամանակակից Միացեալ Նահանգները բնութագրող հիմնական գրութիւններէն մէկն է։ Կեթիսպըրկի ճառը, որ հազիւ երեք հարիւր բառ ունի ու ամէնօրեայ լրատուութիւններէն շատ աւելի կարճ է, յիշատակելի է առաջին տողէն մինչեւ վերջինը։

Սակայն, վերջին խօսքերը մեր անհատական եւ հաւաքական յիշողութեան մէջ դրոշմուած են. «Այս ազգը, Աստուծմէ առաջնորդուած, ազատութեան նոր ծնունդ մը պիտի ունենայ, եւ ժողովուրդին, ժողովուրդին կողմէ ու ժողովուրդին համար իշխանութիւնը երբեք իր մահկանացուն պիտի չկնքէ»։

Այսօր, 1863-ի Կեթիսպըրկի ճակատամարտը կը յիշուի թէ՛ իր ռազմական նշանակութեան եւ թէ՛ Լինքընի ճառին համար։ Վեր առնելով ճակատամարտի նահատակաց հերոսութիւնը, նախագահ Լինքըն ըսած էր. «Աշխարհը հազիւ թէ նկատէ եւ երկար ժամանակով պիտի չյիշէ այն, ինչ որ մենք այստեղ կ՚ըսենք, բայց երբեք չի կրնար մոռնալ այն, ինչ որ իրենք [նահատակները] այստեղ ըրին»։

Սակայն, հակառակը տեղի ունեցաւ։ Ինչպէս ծերակուտական Չարլզ Սըմնըր նշեց 1865-ին, Լինքընի սպանութենէն ետք, «Աշխարհը անմիջապէս նկատեց ինչ որ ըսաւ եւ երբեք պիտի չմոռնայ»։ Սըմնըրի խօսքով՝ «ճակատամարտը ինքնին պակաս կարեւոր էր, քան ճառը»։

Այս արժեւորումը ճակատամարտին մասին վիճելի է, բայց ճառին նշանակութեան վերաբերեալ Սըմնըրի պնդումը ցայսօր ի զօրու է։ Եւ եւս առաւել՝ նախագահ Լինքըն, այն ցաւալի օրերուն, երբ իր հարիւրամեակին տակաւին չհասած երկիրը զէնքի ուժով կը վճռէր, թէ Հիմնադիր Հայրերուն կազմակերպած ազգը ո՛ր ուղին պիտի բռնէր, աստուածային ներշնչումով հեռատեսութիւնը ունեցաւ պատկերացնելու այն Ամերիկան, ուր այսօր կ՚ապրինք՝ առաջին եւ ճակատագրական 4 Յուլիսէն 250 տարի ետք. ազատութեան մէջ վերածնող երկիր մը՝ ժողովուրդին, ժողովուրդին կողմէ ու ժողովուրդին համար իշխանութեամբ։

Կեթիսպըրկի ճառի շնորհիւ է նաեւ, որ ամերիկացիները իրենց երկիրը կը նկատեն «Աստուծմէ առաջնորդուած ազգ մը», արտայայտութիւն մը, որ հետագային ընդգրկուեցաւ հաւատարմութեան երդումին մէջ։ Ի՞նչ խօսքեր կրնային աւելի հարազատութեամբ ամփոփել անհաւատալիօրէն հարուստ, բազմազան եւ մշտապէս վերանորոգուող այս ազգին վսեմ տեսլականը՝ աստուածային նախախնամութեան հովանիին տակ։

Թերեւս կրնանք նշմարել Մատթէոս 22.21-ի ոգին այս խօսքերուն մէջ. «Երթա՛յք՝ տո՛ւք զկայսեր՝ կայսեր, եւ զԱստուծոյ՝ Աստուծոյ»։ Յաջողութեամբ գոյակցող եւ փոխադարձաբար զիրար հարստացնող քաղաքական եւ կրօնական ոլորտները Ամերիկայի բացառիկ յատկանիշներէն մէկը կը կազմեն։ Այդ է, որ ստեղծած է միջավայր մը, որու շնորհիւ Միացեալ Նահանգները, միաժամանակ, թէ՛ խիզախ կերպով ազատ եւ թէ՛ խորապէս հաւատացեալ երկիր մըն են։ Ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան իր մեկնութեան մէջ կ՚ըսէ, կայսեր տրուածը (այսինքն՝ իշխանութեան տրուածը) պէտք չէ ըլլայ բարեպաշտութեան հաշուոյն։

Եւ ճիշդ այդ նուրբ հաւասարակշռութեան մէջ կը գտնուի ամերիկեան բացառիկ պատմութեան էութիւնը, 250 տարուան պատմութիւն մը մեր Տիրոջ հոգատար հայեացքին տակ։ Աստուած օրհնէ ամէն օր ազատութեան մէջ վերածնող Ամերիկան։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ